Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազգային Գրադարանի Պահեստասարքը Այրած. Միլիոնաւոր Թուայնացուած Էջեր Կորսուած են. Արեւելք

Ազգային Գրադարանի Պահեստասարքը Այրած. Միլիոնաւոր Թուայնացուած Էջեր Կորսուած են. Արեւելք

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային գրադարանի ընթերցողները, բազմաթիւ անկախ հետազոտողներ եւ գիտնականներ  Մայիս 9-էն ի վեր  չեն կրնար մուտք գործել Հայաստանի Ազգային գրադարանի կայք, ուր տեղադրուած են հայերէն գրքերու եւ պարբերական մամուլի թուային տարբերակները,  Հայաստանի գրադարաններու  համահաւաք գրացուցակը եւ այլ թուայնացուած նիւթեր: Այս մասին կը գրէ arevelk.am-ը:

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչ Սարիբէկեան   «Արեւելք»ի հարցումին ի պատասխան ըսաւ, որ ածխացած են սպասարկող կայանները (server), որոնցմով կը պահուին շտեմարանները:

ՀՀ  Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի  փոխ նախարար՝ Նարինէ Խաչատուրեան «Արեւելքի» հարցին պատասխանելով ըսաւ, որ սարքերուն մէջ կը պահուէին ազգային արժէքներ, բայց աւելցուց, որ անոնք ազգային արժէքներուն թուային տարբերակներն էին, բարեբախտաբար արժէքները ինքնին չեն վնասուած:

«Գործ ունենք ֆինանսական վնասների եւ  մարդկային տարիների կորսուած աշխատանքի հետ,  բայց արժէքները  ֆիզիքապէս չեն վնասուել, դրանք բոլորն էլ ունեն իրենց արխիւային տարբերակները եւ հնարաւոր է վերականգնել»,-ըսաւ փոխ նախարարը:

Ըստ մասնագէտներուն, նոր սարքաւորումներ գնելը եւ շտեմարաններ վերականգնելը  կը պահանջեն քանի մը տասնեակ հազար տոլար եւ չորսէն վեց ամիս:  «Ջուրն է լցուել Հայաստանի գրադարանային ողջ համայնքի տարիների աշխատանքը»- «Արեւելք»ին ցաւով ըսաւ առցանց շտեմարաններու ստեղծման ակունքը կանգնած գիտնական եւ գրադարանագէտ Տիգրան Զարգարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment