Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապօրէն Ունեցուածքի Վերադարձը՝ Ժողովուրդի Պահանջ

Ապօրէն Ունեցուածքի Վերադարձը՝ Ժողովուրդի Պահանջ

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց Ազգային Ժողովին կողմէ հաստատուած՝ «Ապօրէն գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքը: Հակառակ, ընտանիքի անդամներուն մասին կեղծ լուրեր տարածելու միջոցաւ իր վրայ հոգեբանական ճնշում գործադրելու փորձերուն, նախագահը խորհրդականներուն եւ իրաւաբաններուն հետ երկար ուսումնասիրելէ ետք, որոշեց ստորագրել օրինագիծը արձանագրելով, որ մօտէն պիտի հետեւի անոր անաչառ գործադրութեան, որպէսզի այդ չօգտագործուի քաղաքական եւ այլ շահադիտական նպատակներով:

Նախագահի այս ստորագրութեամբ գործի կը դրուի Յեղափոխութենէն ասդին Խորհրդարանի կողմէ առնուած ամենէն կարեւոր որոշումներէն մէկը, որու շնորհիւ կարելի պիտի դառնայ պետութեան վերադարձնել տարիներու ընթացքին չարաշահումներու միջոցաւ ձեռք ձգուած կալուածներն ու գոյքերը:

Այս օրէնքի ընդունումով մտահոգ են յատկապէս նախկին իշխանութեան մօտ կանգնած ու անոր բարիքներէն լայնօրէն օգտուած տարրերն ու շրջանակները, որոնց շուրջ շղթան սկսած է սեղմուիլ ու այժմ կ՛անդրադառնան, որ եկած է հաշիւ ներկայացնելու պահը:

Այս օրինագծի իւրայատկութիւնը այն է որ, բռնագրաւումը կրնայ կատարուիլ առանց դատական երկարատեւ գործընթացներու, որոնք կրնան տարիներ տեւել եւ արդիւնքի չհասնիլ: Միւս կողմէ, այն անհատները, որոնք այս օրէնքով պարտադրուած կ՛ըլլայ վերադարձնելու իրենց ապօրէն ունեցուածքը, չեն կրնար ենթարկուիլ քրէական պատժամիջոցներու, այսինքն չեն կրնար բանտարկուիլ՝ նախկին իրենց արարքներուն համար:

Առաջին հայեացքով կրնայ տարօրինակ թուիլ եւ անարդար, սակայն առանց դատավճռի գոյքի բռնագրաւման օրինականութիւնը հաստատուած է ՄԱԿ-ի Կոռուպցիայի դէմ պայքարի 2004 թուականի ուխտով, որ նաեւ ստորագրուած է Հայաստանի կողմէ: Այդ համաձայնագրով, երկրները իրաւունք ունին առանց մեղադրական դատավճռի գոյքի բռնագրաւում արտօնել այն պարագաներուն, երբ յանցագործը չի կրնար քրէական հետապնդման ենթարկուել մահուան, փախուստի դիմելու եւ նման այլ դէպքերու պարագային:

Խորհրդարանի որդեգրած օրինագիծը ունի նաեւ բաւականին զսպիչ սահմանափակումներ, թոյլ չտալու համար օրէնքի կամայական կիրառումը: Դատախազութիւնը չի կրնար առանց պատճառի հետաքրքրուիլ քաղաքացիներու եկամուտներու եւ ունեցուածքի տարբերութեամբ: Այդ կրնայ կատարուիլ միայն երբ տուեալ անձի նկատմամբ կայ կոռուպցիայի մէջ ներգրաւուած ըլլալու մեղադրանք եւ կամ հետախուզութեամբ ի յայտ կու գան նման կասկածներ: Օրէնքը կը տարածուի 1991 թուականի Սեպտեմբեր 21-էն սկսեալ բոլոր նախկին եւ ներկայ պաշտօնեաներուն վրայ:

Այս օրերուն խուճապի մատնուած են յատկապէս վերջին քսան տարիներուն, նախկին իշխանութիւններու օրով, պետութեան կալուածներն ու հողեր ջնջին գումարներով ձեռք ձգած անձիք, որոնք իրենց քարոզչականվ մեքենան կ՛օգտագործեն որպէսզի օրէնքը կեանքի չկոչուի: Նմանները պատրաստ չեն հեշտութեամբ վերադարձնելու իրենց ունեցուածքը: Միւս կողմէ, թաւշեայ յեղափոխութեան գլխաւոր օրակարգերէն մին հանդիսացող այս պահանջքի ձգձգումը սկսած էր յառաջացնել ժողովրդային դժգոհութիւն:

Ապօրէն ունեցուածքի բռնագրաւումի մասին օրէնքի ընդունումը առաջին քայլ է երկրէն ներս ընկերային բեւեռացումը մեղմելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու ճանապարհին:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment