Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարանը Մերժեց Ռոպերթ Քոչարեանի Փաստաբաններու Միջնորդութիւնները․ Ան Կալանքի Տակ Պիտի Մնայ

Դատարանը Մերժեց Ռոպերթ Քոչարեանի Փաստաբաններու Միջնորդութիւնները․ Ան Կալանքի Տակ Պիտի Մնայ

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շենգաւիթի նստավայրին մէջ  հրապարակուեցաւ Մարտ մէկի գործով սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող  Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ որոշումը:

Դատարանը մերժեց ներկայացուած երեք միջնորդութիւնները:

Յիշեցնենք, որ նախորդ դատական նիստին քննարկուած էր Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ  3 միջնորդութիւնները։ «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած խափանման միջոց՝ կալանաւորումը ընդհանրապէս վերացնելու մասին, գրաւի կիրառում կամ անձնական երաշխաւորութիւն։ Նիստին, անձամբ ներկայացան եւ անձնական երաշխաւորութիւն ներկայացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին վարչապետներ՝ Վազգէն Մանուկեանը, Խոսրով Յարութիւնեանը, Կարէն Կարապետեանը, եւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին վարչապետ՝ Անուշաւան Դանիէլեանը:

Յաջորդ դատական նիստը նշանակուեցաւ սոյն թուականի Մայիս 19-ին: Միեւնոյն ժամանակ դատաւորը ընդգծեց, որ վիրահատութեան պատճառով, Քոչարեան երկար ժամանակ չի կրնար նիստերուն մասնակցիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment