Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը կը Քննարկէ Հայաստանի Օդային Տարածքը Աստիճանաբար Բանալու Հնարաւորութիւնը

Կառավարութիւնը կը Քննարկէ Հայաստանի Օդային Տարածքը Աստիճանաբար Բանալու Հնարաւորութիւնը

by MassisPost

Կառավարութիւնը կը քննարկէ Հայաստանի օդային տարածքը աստիճանաբար բանալու հնարաւորութիւնը: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց փոխ վարչապետ, պարէտ Տիգրան Աւինեանի մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան։

«Քորոնա» ժահրի կապակցութեամբ, տարբեր երկիրներու մէջ կիրառուող սահմանափակումներու մեղմացումին հետ զուգահեռ՝ օդանաւային  բեռնափոխադրող ընկերութիւնները արդէն սկսած են տոմսեր վաճառել ։

Յունուարէն ի վեր դէպի Հայաստան թռիչքներ կատարող Ryanair իրլանտական (Bitcoin) ընկերութիւնը կը պատրաստուի Յուլիսին վերականգնել թռիչքներու 40 տոկոսը։ Դէպի Հայաստան թռիչքները նոյնպէս ծրագրուած են։ Այս պահուն կարելի է տոմսեր պատուիրել Գերմանիա, Իտալիա, Կիպրոս մեկնելու համար, իսկ Երեւան- յունական Սալոնիկ թռիչքները նախատեսուած են Օգոստոսին։

Յուլիս 1-էն սկսեալ, Ryanair-ը ծրագրած է օրական շուրջ հազար թռիչք կատարել՝ հնարաւորինս մեծ թիւով ուղղութիւններով, սակայն ոչ սովորականէն պակաս յաճախականութեամբ։

«Ժամանակն է, որ Եւրոպան կրկին թռչի, այդպիսով կը կարողանանք վերամիաւորել ընկերներն ու ընտանիքները, մարդոց հնարաւորութիւն կու տանք վերադառնալ իրենց աշխատանքին, զբօսաշրջութեան ոլորտը կը վերսկսի, ինչ որ միլիոնաւոր աշխատատեղի կը բանայ», – ըսած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Էտլի Ուիլսընը։

Ուղեւորները օդանաւ բարձրանալու համար քանի մը կանոններու պէտք է հետեւին՝ օդակայան մուտք գործած ատեն ջերմաչափուին, իսկ օդանաւին մէջ կրեն դիմակներ, ու զուգարան երթալու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նախապէս թոյլտուութիւն խնդրել։ Եւրոպական միութեան երկիրներ մեկնելու պարագային ուղեւորները պէտք է անհրաժեշտ տեղեկութիւն տրամադրեն այցելութեան մասին։

Այս տարի հայկական շուկայ մուտք գործած միւս low-cost նուազ գնով հունգարական ընկերութեան՝ Wizz Air-ի կայքով ալ այժմ կարելի է տոմս պատուիրել Յունիսին, Երեւանէն Լառնաքա, Վիեննա ու Վիլնիւս մեկնելու համար։

Դէպի Հայաստան թռիչքներ կատարող մէկ այլ խոշոր ընկերութեան՝ «Աւստրիական աւիաուղիներ»-ի կայքով եւս հնարաւոր է օդանաւի տոմսեր ամրագրել Յունիսէն սկսեալ կատարուող թռիչքներուն համար։

Իսկ մինչ այդ, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի կայքին մէջ Մայիս 12-ի դրութեամբ՝ նախատեսուած է միայն մէկ թռիչք, դէպի Պելառուսիոյ մայրաքաղաք Մինսք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment