Home Uncategorized Վիճակը Հետզհետէ կը Բարդանայ. Արսէն Թորոսեան

Վիճակը Հետզհետէ կը Բարդանայ. Արսէն Թորոսեան

by MassisPost

Սահմանափակումներու մեղմացման երրորդ օրն է այսօր, գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի վարակի 163 նոր դէպք: Վարակի բռնկումէն մինչեւ օրս ամենամեծ ցուցանիշն է այս: Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ալինա Նիկողոսեան «Ազատութիւն»  ռատիօկայանին յայտնեց, թէ նախօրէին հետազօտուած է 1083 հոգի:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնից հենց մահուան դէպք չենք ունեցել, ունեցել ենք մէկ մահուան դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուել է վարակը, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով, եւ այդպիսի դէպքերի ընդհանուր թիւը եօթն է»,- Ըսաւ Նիկողոսեան:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը վերջին օրերուն կ’առանձնացնէ  «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու եւ «Քորոնա» ժահր ունեցող, բայց այլ հիւանդութեան հետեւանքով մահացածներու վիճակագրութիւնը: «Քորոնա» ժահրային վարակի հետեւանքով մահացած է 40 հոգի, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է 30 հոգի, ծանր է 80-ի վիճակը, 8 հիւանդներ արհեստական շնչառական սարքի օգնութեամբ կը շնչեն:

Վիճակը հետզհետէ կը բարդանայ, ըսած է առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, անդրադառնալով Մայիս 6-ի հրապարակուած 163 նոր դէպքերուն.- «Այս պահին բարձունքի վրայ, այսինքն` բարձրանալու վրայ ենք, դեռ դիմանում ենք, մնացածն էլ իրավիճակի զարգացմանը զուգընթաց»:

Նախարար Թորոսեան հնարաւոր համարած է արտակարգ դրութեան ժամկէտը երկարաձգելու  խնդիրը, հարցը կը քննարկուի մինչեւ Մայիս 14։ Արսէն Թորոսեան շեշտած է, թէ սահմանափակումներու մեղմացման զգուշաւորութեամբ կը վերաբերի, սակայն հնարաւոր չէ անվերջ փակուած ապրիլ.- «Մենք պէտք է սովորենք ապրել, հիմա թէ այդ սովորելու ընթացքը մեզ մօտ ինչքան արագ եւ ինչքան անցաւ կ’անցնի, կախուած է մեր բոլորից, ոչ միայն ինձնից կամ կառավարութիւնից, որովհետեւ եթէ ցաւոտ սովորենք, իսկ ցաւոտը մեծաթիւ դէպքերն են, շատ մահերն են, ծայրայեղ ծանր շատ դէպքերն են, դա դժբախտութիւն կը լինի բոլորիս համար, բայց այլընտրանք չկայ, մենք պէտք է սովորենք ապրել: Սովորելն է օրինակ` դիմակ կրելը փակ վայրերում, իրարից հեռու կանգնելը»:

«Քորոնա» ժահրի վարակ հաստատուած է Ազգային ժողովի աշխատակիցներէն մէկուն մօտ, այս մասին խորհրդարանական ամպիոնէն տեղեկացուցած է Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանը.- «Անձը մեկուսացուած է, վարակակիրը, շփման շրջանակը յստակեցուում է, յստակեցուած է եւ կրկին մեկուսացուած է: Մեզնից իւրաքանչիւրից հասնում է, ակնկալուում է շարունակել բնականոն աշխատանքը` նաեւ ձեռք առնելով համապատասխան միջոցներ»:

Վարակի բռնկման պահէն մինչեւ այժմ, վարակակիրներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 2 հազար 782, որոնցմէ 1135-ը ապաքինուած ու տուն գացած են, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, 24 քաղաքացիներ դուրս ելած են հիւանդանոցէն:

Առողջապահական գերատեսչութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, որմով աշխատանքի կը կանչէր բժիշկ-բուժքոյրեր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հիւանդներու հետ աշխատելու համար։ Ըստ Ալինա Նիկողոսեանին՝ դիմողները այնքան շատ եղած են, որ  անձնակազմի պակաս արդէն չկայ.- «Արձագանգել է հազարից աւելի բուժաշխատող, որոնց մէջ կան թէ՛ ուսանողներ, թէ՛ մայրապետեր, թէ՛ բժիշկներ, թէ՛ բուժքոյրեր, նոյնիսկ ատամնաբոյժներ: Իրենք մինչեւ  բժշկական հաստատութիւն մտնելը վերապատրաստուում են»:

Բուժաշխատողներու պահանջարկը պայմանաւորուած չէ այն հանգամանքով, որ մեծ է վարակակիր բուժաշխատողներու թիւը` շուրջ 320 հոգի։ Առողջապահութեան նախարարութեան պարզաբանումով՝ վարակակիր բժիշկները մեկուսացման փուլէն յետոյ արագ կը վերադառնան աշխատանքի, անձնակազմի պակասը պայմանաւորուած էր վարակակիրներու ընդհանուր մեծ թիւով։ Այս պահուն բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը բուժուին 1600 հիւանդ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment