«Լուրջ յառաջընթաց նախեւառաջ քորուփցիայի դէմ պայքարի եւ ընտրութիւններու ոլորտներէն ներս». – այսպէս կը գնահատեն արեւմտեան ամենահեղինակաւոր իրաւապաշտպան կառոյցներէն մէկուն՝ Ուաշինկթոնի Freedom House-ի փորձագէտները Հայաստանի իշխանութիւններու յետյեղափոխական ձեռքբերումները, Մայիս 6-ին հրապարակուած ամենամեայ զեկոյցին մէջ, որ նուիրուած է անցումային շրջանի մէջ գտնուող արեւելաեւրոպական եւ յետխորհրդային 29 երկիրներու մէջ տիրող կացութեան:
Ըստ Զեկոյցի հեղինակներուն՝ Հայաստանը, 2018-էն 2020 թուականներուն դիտարկուող երեք տասնեակ պետութիւններու մէջ, ժողովրդավարացման ընթացքի առումով ամենամեծ յառաջընթացը արձանագրած է:
«Այս տարի, Հայաստանը զեկոյցի հրապարակման պատմութեան ընթացքին ամենաբարձր ցուցանիշը գրանցած է», – կը նշեն Freedom House-ի փորձագէտները՝ աւելցնելով, սակայն, որ երկրին մէջ դեռ մտահոգիչ հիմնախնդիրներ եւս առկայ են, ակնարկելով դատական ոլորտի շուրջ ծաւալուող զարգացումներուն:
Ըստ զեկոյցին, այսօր յետխորհրդային տարածքին մէջ, երկու պետութիւն կայ, ուր անցումը կառավարման ժողովրդավարական համակարգին գրեթէ նոյնատիպ խնդիրներու հետ բախում ունի, Հայաստանը եւ Ուքրանիան:
«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ուքրանիայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին բախում ունին վստահութեան ամրապնդման, իրենց հետ կապուած յոյսերը արդարացնելու, [կառավարման] քորումփացուած համակարգերը առանց ժողովրդավարական նորմերու ոտնահարման վերակառուցելու դժուարին մարտահրաւէրներուն հետ», – կը նշեն ամերիկացի փորձագէտները:
Անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան առջեւ ծառացած առաւել տեղային բնոյթի խնդիրներուն՝ Freedom House-ի մասնագէտները յատկապէս կանգ կ՛առնեն Ամուլսարի ոսկիի հանքի շահագործման շուրջ ծաւալուած վէճին վրայ: Ամուլսարի ճակատագիրը, ըստ զեկոյցի հեղինակներուն, «Հայաստանի վարչապետի համար գլխացաւ դարձած է»:
«Փաշինեանը այս խնդիրը ժառանգած է նախորդ քորումփացուած վարչակազմէն: Աքթիվիսթները ամիսներ շարունակ արգելափակուած կը պահեն հանքավայր տանող ճանապարհները: Ըստ անոնց՝ եթէ Փաշինեանը հաւանութիւն տայ այս ծրագրի իրագործման, ապա կ՛ապացուցէ, որ չի տարբերիր այն ղեկավարներէն, որոնց ինք հեռացուցած է իշխանութենէն», – ըսուած է զեկոյցով:
Զեկոյցի հեղինակները նաեւ յստակ խորհուրդներ կ’ուղղեն արեւմտեան կառավարութիւններուն, ըստ իրենց համոզումին.-
«Ժողովրդավարութեան զարգացումը եւ մարդու իրաւունքները երկկողմանի յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւնը պէտք է դառնան: Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձուի այն պետութիւններուն, որոնց կառավարման համակարգը լուրջ փոփոխութեան փուլի մէջ է, մասնաւորաբար Հայաստանին եւ Ուքրանիային», – կը նշէ զեկոյցը:
«Հայաստանի մէջ հարկաւոր է լուրջ ներդրումներ կատարել օրէնքի գերակայութեան ու անկախ հաստատութիւններուն աջակցութիւն ապահովելու նպատակով: Խօսքը մասնաւորաբար դատական համակարգի եւ ոստիկանութեան համապարփակ բարեփոխումներու մասին է», – կը նշեն Freedom House-ի փորձագէտները՝ աւելցնելով, թէ. – «2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան հիմքը քաղաքական փոփոխութիւններու, օրէնքի գերակայութեան եւ համակարգային քոռրուփցիան արմատախիլ ընելու շուրջ համազգային համաձայնութեան առկայութիւնն էր»:
«Այս պատմական հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ժողովրդավարութեան աջակիցներուն համար թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս: Թէ՛ Միացեալ Նահանգները եւ թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը մեծցուցած են [Հայաստանին ցուցաբերուող աջակցութիւնը], բայց անոնց ծրագիրները պէտք է միտուած ըլլան նախեւառաջ ընկերային համերաշխութեան ամրապնդման ու քաղաքական բեւեռացուածութեան յաղթահարման: Այս մարտահրաւէրներու յաղթահարումը կրնայ առանցքային նշանակութիւն ունենալ միւս բոլոր ոլորտներուն մէջ կատարուած բարեփոխութիւններու յաջողութեան համար», – համոզուած են Freedom House-ի ամենամեայ զեկոյցի հեղինակները: