Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արսէն Թորոսեան Չի Բացառեր, որ Մայիսի Վերջաւորութեան Վարակակիրներու Թիւը Հասնի 10 Հազարի

Արսէն Թորոսեան Չի Բացառեր, որ Մայիսի Վերջաւորութեան Վարակակիրներու Թիւը Հասնի 10 Հազարի

by MassisPost

Հայաստան մէկ օրուայ մէջ «Քորոնա» ժահրի 121 նոր դէպք արձանագրուած է, վարակը խլած է եւս 4 մարդու կեանք, բուժուած է ընդամէնը 36 հիւանդ։

Ինչպէս տեղեկացուց Առողջապահութեան նախարարը, վարակի օճախները բազմաթիւ են, ինչ որ կը նշանակէ, որ բոլորը պէտք է խստօրէն պահպանեն կանոնները։

Նախարարը ընդգծեց, որ մինչեւ Մայիսի վերջաւորութեան, հնարաւոր է ունենանք 10 հազար վարակակիր, իսկ եթէ կանոնները չպահպանուին, ապա թիւերը աւելի կ’աճին.- «Տարբեր աղբիւրներ կան։ Հիմա կարող եմ մօտաւորապէս ասել․ 34-ը դրանք  մեկուսացումից քաղաքացիներ են, 58-ը հաստատուած դէպքի հետ շփումներ են, բժշկական աշխատակիցներ ունենք էլի, յայտնի յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակիցներ եւ մի քանի գործող տնտեսվարող հաստատութիւնների աշխատակիցներ»։

corona May 4

«Ազատութիւնը» հարց ուղղեց նախարարին․ – «Դուք գոնէ առաջին հայեացքից բաւական սարսափելի զգուշացում արեցիք, որ եթէ կանոնները չպահպանուեն, ապա կարող ենք ունենալ մինչեւ 500 հազար հիւանդներ, հազարաւոր մահեր։ Եւ ասացիք, որ սա շատ իրատեսական է։ Հաշուի առնելով, որ հենց այսօրուանից բոլոր սահմանափակումները վերացուել են, կա՞յ նման վտանգ, որ ասածը կարող է իսկապէս իրականութիւն դառնալ»:

Արսէն Թորոսեան․ – «Իմ ասածը իրականում պարզապէս թիւ չէր։ Դա մօտ մէկ ամիս առաջ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գնահատում էր Հայաստանի Հանրապետութեան համար՝ 500 հազար դէպք, տասնեակ հազարաւոր հիւանդանոցային դէպքեր եւ հազարաւոր մահեր։ Բարեբախտաբար, դա տեղի չի ունեցել մինչ օրս, որովհետեւ մենք կարողացել ենք ամէն դէպքում զսպել բռնկման տարածումը։ Հիմա ասել 500 հազար կը լինի, 100 հազար, թէ յիսուն հազար, դժուար է… բայց մեր վարքագիծն ա պայմանաւորելու էդ թիւը»։

Նախարարը հաւանական կը համարէ, որ մինչեւ Մայիսի վերջաւորութեան վարակակիրներու թիւը հասնի 10 հազարի․ – «Սա բարձր է այն իմաստով, որ աւելի շատ ա, քան մենք կը կարողանանք բոլորին պահել հսկողութեան տակ, եւ հաւանաբար ոմանց կ’ուղարկենք տուն։ Բայց բարձր չի էն իմաստով, որ ամէն դէպքում ծանր եւ ծայրայեղ ծանր դէպքերը մենք կը կարողանանք սպասարկել»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment