Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախ. Ականի Պայթումէն Զինուոր Մահացած է

Արցախ. Ականի Պայթումէն Զինուոր Մահացած է

by MassisPost

Մայիս 4-ին, ժամը 19:05-ի սահմաններուն ականի  պայթումին հետեւանքով  մահացու վիրաւորանք ստացած է Պաշտպանութեան Բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պայմանագրային զինծառայող՝ 1988-ի ծնունդ՝ Տարօն Ռուբիկի Պողօսեան:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն։

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսուի կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment