Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մայիս 4-էն Սկսեալ կը Հանուին Մարդոց Ազատ Տեղաշարժի Սահմանափակումները

Մայիս 4-էն Սկսեալ կը Հանուին Մարդոց Ազատ Տեղաշարժի Սահմանափակումները

by MassisPost

Երկուշաբթի օրուընէ, տեղաշարժման թերթիկներ լրացնելու անհրաժեշտութիւն պիտի չըլլայ:

Տնտեսութեան փոխ նախարար Վարոս Սիմոնեանի համաձայն, թէեւ մարդոց ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները կը հանուին, սակայն հանրային փոխադրամիջոցները կը շարունակեն չաշխատիլ։ Պիտի չաշխատին նաեւ միջմարզային  փոխադրամիջոցները:

Հարցին, թէ ինչպէս քաղաքացիները պիտի տեղաշարժին, եթէ հանրային փոխադրամիջոցը պիտի չգործէ, փոխ նախարարը պատասխանեց․ – «Հանրային փոխադրամիջոցը դա շատ բարձր  վտանգ ունեցող տնտեսական գործունէութեան տեսակ է, որը թոյլ է տալիս շատ արագ կերպով տարածել համավարակը»։

կը հանուին նաեւ տնտեսական գործունէութեան գրեթէ բոլոր տեսակներու վերաբերեալ սահմանափակումները, մոլերը կը շարունակուին փակ մնալ ։ Գրեթէ պիտի չըլլան սահմանափակումներ մանրածախ ու մեծածախ առեւտուրին, պիտի բացուին մշակող արդիւնաբերութիւնը, գործունէութեան բոլոր տեսակներով։ Կը գործեն այն ճաշարաններն ու սրճարանները, որոնք կ’ունենան բացօթեայ տարածք:

Անհատական ծառայութիւնները, օրինակ՝ մաքրութեան ծառայութիւններու եւ վարսավիրանոցներու գործունէութիւնը եւս կը թոյլատրուի մայիս 4-էն․ – «Սա կարելի է դիտարկել իւրայատուկ փորձի ձեւով, որովհետեւ մենք գնում ենք սահմանափակումների թուլացմանը, բայց միեւնոյն ժամանակ բոլորս՝ թէ՛ տնտեսվարողները, թէ՛ քաղաքացիները պէտք է ցուցաբերեն բարձր գիտակցութիւն եւ կարգապահութիւն։ Դրանից է կախուած լինելու՝ մենք կը շարունակե՞նք պահպանել մեղմ սահմանափակումների կանոնը, թէ՞ վերադարձ ենք կատարելու աւելի խիստ սահմանափակումներին»։

Առողջապահութեան փոխ նախարար Լենա Նանուշեան կը յորդորէ բոլոր քաղաքացիները, որ աւելի պատասխանատուութեամբ վերաբերին անվտանգութեան կանոններուն, որպէսզի սահմանափակումներու մեղմացումը վարակակիրներու թիւի կտրուկ աճի չյանգեցնէ։ Հիմնական պահանջներն են, աշխատավայրին մէջ պահպանել 1-2 մեթր հեռաւորութիւն իրարմէ եւ յաճախորդներէն, պարբերաբար ախտահանել եւ օդափոխել տարածքը, պահպանել առողջապահական կանոնները, մասնաւորպէս յաճախակի լուացուիլ, ինչպէս նաեւ կրել դիմակներ․ – «Աշխատողները կամ յաճախորդները կ’ունենան ջերմութիւն, անպայման որպէսզի լքեն աշխատավայրը եւ դիմեն անպայման բժշկի։ Միւս կարեւոր միջոցառումների շարքում է գտնուում խոցելի խմբերի՝ 65 տարեկան եւ բարձր անձանց, ինչպէս նաեւ քրոնիք հիւանդութիւններով տառապող անձանց հեռահար աշխատանքի կազմակերպումը հնարաւորութեան դէպքում։  Ընկերային հեռաւորութեան  պահպանման հետ կապուած ասեմ, մեր տնտեսական գործունէութեամբ զբաղուող կազմակերպութիւնները պէտք է աշխատեն բացառել ժողովների անցկացումը կամ փոքրաթիւ քանակով կազմակերպեն՝ նորից ապահովելով ընկերային հեռաւորութիւնը։ Կարեւոր նաեւ ուղղութիւն է տարբեր կազմակերպութիւններում սննդի ընդունման հետ կապուած աշխատանքների կազմակերպումը՝ չթողնելով, որպէսզի մարդիկ կուտակումներով նոյն վայրում ընդմիջում անեն, եւ անպայման ախտահանումներ իրականացնել այդ վայրերում»։

Իւրաքանչիւր տնտեսվարող պէտք է նշանակէ «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման կանոններու պահպանման համար պատասխանտու անձ: Տնտեսվարողներու նկատմամբ հիմնական վերահսկողութիւնը կը կատարէ Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմինը:

«Երբ որ մենք գնում ենք թուլացմանը, միեւնոյն ժամանակ աւելի ենք ուժեղացնում հսկողութիւնը։ Դրա համար առանձնացուել են որոշակի ոլորտներ, որոնք արդէն իսկ կը թոյլատրուեն, եւ դրանց վերաբերեալ յստակ ուղեցոյցներով յստակ կանոններ են սահմանուած», – փոխանցեց Վարոս Սիմոնեան։

Առողջապահութեան փոխ նախարարի խօսքով, դժուար է հաշուարկել, թէ վարակակիրներու թիւի փոփոխութեան առումով ինչ հետեւանքեր կը բերէ սահմանփակումներու հանումը, բայց կը շտապէ աւելցնել, որ մշտադիտարկումը կը շարունակուի եւ եթէ հասկնան, որ հին սահմանափակումներուն վերադառնալու կարիք կայ, անմիջապէս  կը դիմեն այդ քայլին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment