Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 82-ով, Բուժուածներունը՝ 48-ով, Մահացած է 27-Ամեայ Հիւանդ

Հայաստան Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 82-ով, Բուժուածներունը՝ 48-ով, Մահացած է 27-Ամեայ Հիւանդ

by MassisPost

Հայաստան, նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 82-ով՝ հասնելով 2148-ի, արձանագրուած է մահուան եւս մէկ դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:

Մահուան նոր դէպքին մասին Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ալինա Նիկողոսեան կը յայտնէ, որ «իգական սեռի հիւանդը եղել է 27 տարեկան եւ ունեցել է ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ»:

Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի պաշտօնական կայքին Մայիս 1-ի ժամը 11-ին հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած  է 48-ով եւ հասած 977-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած  հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 22 հազար 177:

Մահուան դէպքերու ընդհանուր թիւը հասաւ 33-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 2 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն, տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուի 1136 մարդ:

Առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակը որոշ մանրամասնութիւններ աւելցուց մահուան նոր դէպքին վերաբերեալ:

«27-ամեայ  հիւանդը մօտ մէկ ամիս գտնուել է հիւանդանոցում՝ բժիշկների հսկողութեան տակ, վիճակը գնահատուել է ծայրայեղ ծանր: Ունեցել է բնածին քրոնիքական ծանր հիւանդութիւններ։ Ցաւօք, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը կտրուկ վատթարացրել է երիտասարդի առողջական վիճակը եւ նրա կեանքը չի յաջողուել փրկել», – գրած է Ալինա Նիկողոսեան  Ֆէյսպուքին վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment