Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Նաւասարդ Կճոյեանի Փաստաբանը Միջնորդութիւններ Ներկայացուցած է

Նաւասարդ Կճոյեանի Փաստաբանը Միջնորդութիւններ Ներկայացուցած է

by MassisPost

Փաստաբան Յովիկ Արսէնեանի հաստատումով՝ Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի գործի վերաբերեալ ոչ մէկ զարգացում կայ։

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 15-ին, ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, որ մեղադրանք առաջադրուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանին դէմ։

«Ա1+»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Կճոյեանի փաստաբան՝ Յովիկ Արսէնեան նշեց․

«Հարցաքննուել է, դրանից յետոյ մեզ ո՛չ հրաւիրել են, մեր մասնակցութեամբ որեւէ քննչական գործողութիւն չեն կատարել։ Դէ նախաքննական մարմինն էլ եթէ որեւէ գործողութիւն է կատարում, բնականաբար մեզ տեղեակ չի պահում»։

Ըստ փաստաբանին՝ այս գործով Կճոյեանին եւ այլ անձի միջեւ առերեսում նոյնպէս չէ եղած, Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդին որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու որոշումին համար բողոք չէ ներկայացուած պաշտպանական կողմէն։

Հարցին, թէ գործով ի՞նչ միջնորդութիւններ ներկայացուած են, Արսէնեան պատասխանեց․ «Արել եմ՝ էս-էս քննչական գործողութիւնները կատարէք, փաստաթղթերն առգրաւէք․ այդպէս»։

Յիշեցնենք, որ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Նաւասարդ Կճոյեան, 2010 թուականի ամրան, իր հետ քաւոր-սանիկական յարաբերութիւններ ունեցող գործարարին հետ նախնական համաձայնութեամբ, խարդախութեամբ, Ափրիկէի վերջինիս պատկանող ադամանդի հանքավայրերուն մէջ 12 միլիոն ԱՄՆ տոլար գումարի չափով ներդրում կատարելու, արդիւնահանուած ադամանդի հումքը Հայաստան վերամշակելու, վաճառելու պատրուակով, շահագրգռած է ՀՀ ձեռնարկատէրերէն մէկուն ներդրում կատարելու հարցով։

Որմէ յետոյ ձեռք բերուած են վերջինիս ու անոր մերձաւորներուն պատկանող առանձնապէս խոշոր չափերու (11 միլիառ 442 միլիոն 68 հազար դրամ ընդհանուր արժողութեամբ) շարք մը անշարժ գոյքեր եւ գրաւադրուած են առեւտրային դրամատան մէջ։ Անկէ ստացած եւ տնօրինած են  3 միլիառ 664 միլիոն 175 հազար դրամ (շուրջ 9 միլիոն ԱՄՆ տոլար) եւ 361 միլիոն 5 հարիւր հազար դրամի վարկային միջոցներ, շարք մը դրամատնային եւ առեւտրային գործարքներով, փոխանցումներով եւ փոխարկումներով, թաքցնելով եւ խեղաթիւրելով անոնց ծագման աղբիւրը, տեղաշարժն ու պատկանելիութիւնը:

Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդը կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր չափով խարդախութեան եւ փողերու լուացման մէջ, որու նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է երկրէն չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը։ Պաշտպանական կողմը մեղադրանքը չէ ընդունած զայն համարելով չհիմնաւորուած եւ երեւակայութեան արդիւնք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment