Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Նախագահը Ապրիլ 24-ի Առթիւ Ցաւակցական Նամակ Ուղարկած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին, Մինչ իր Խօսնակը Պաշտպանած է Անքարայի Ժխտողական Թէզերը

Թուրքիոյ Նախագահը Ապրիլ 24-ի Առթիւ Ցաւակցական Նամակ Ուղարկած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին, Մինչ իր Խօսնակը Պաշտպանած է Անքարայի Ժխտողական Թէզերը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան  «ցաւակցական ուղերձ» յղած է Պոլսոյ հայոց նորընտիր պատրիարք, Արք. Սահակ Մաշալեանին Ապրիլ 24-ի առթիւ։

Նամակին մէջ Թուրքիոյ նախագահը  նշած է, որ կը յարգէ  Առաջին  Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն  ծանր պայմաններու մէջ մահացած օսմանեան հայերու յիշատակը եւ ցաւակցութիւններ կը փոխանցէ անոնց թոռներուն։  Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ  այդ ծանր ժամանակներուն մահացած բոլոր օսմանեան քաղաքացիներու հոգիներուն հանգստութիւն կը մաղթէ։

Նշենք, որ Էրտողանը նմանատիպ տեքստով արդէն քանի մը տարի կը դիմէ Թուրքիոյ հայերուն, սակայն մշտապէս այնտեղ կը բացակայի դէպքերու իրական նկարագրութիւնը, քանի որ ան կը ցաւակցի « ինչ–որ» հայերու մահերը, բայց ոչ թէ պետականօրէն ծրագրուած եւ իրականացուած ցեղասպանութեան  հետեւանքով զոհուածներու։ Բացի այդ, Էրտողանը կը հաւասարեցնէ Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց կոտորած թուրքերու մահերը եւ իր խօսքին մէջ կը շեշտէ, որ կը ցաւակցի թէ անոնց, թէ անոնց։

ibrahim kalinՄիւս կողմէ. Թուրքիոյ նախագահականի խօսնակ եւ գլխաւոր խորհրդական Իպրահիմ Քալընը ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն ըրած է,կրկին անգամ ներկայացնելով Անքարայի ժխտողական թէզերը, կը տեղեկացնէ ermenihaber-ը

«Առաջին համաշխարհային պատերազմի կործանարար ու վնասարար  պայմաններուն, 1915-ի Ապրիլ 24-ի տեղահանութեան ու վերաբնակեցման որոշումը «հաւատարիմ ժողովուրդ» անուանուող հայ ժողովուրդի ոչնչացման միտուած քաղաքականութեան արդիւնք չէր»,- ըսած է Քալընը։

Ըստ թուրք պաշտօնեային՝ ցեղասպանութեան թեման կը «լոպպիանայ», եւ որոշ հակաթրքական քաղաքական շրջանակներ իբր միտումնաւոր «կը նենգափոխեն պատմական փաստերը», նպատակ ունենալով թշնամութիւն սերմանել։

«Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդը իր բոլոր շերտերով հանդերձ, երբեք տուրք պիտի չտայ այս շահարկման սուտի ու զրպարտութեան արշաւին»,- ըսած է Քալընը։

Ան, շարունակելով թրքական թէզերու շարադրումը, կրկին խօսած է  Էրտողանի առաջարկած պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու մասին։ Այնուհետեւ խօսելով 2009-ի հայ-թրքական արձանագրութիւններու մասին, զանոնք անուանած է Արցախի հարցի լուծման, քաղաքական ու տնտեսական կարգաւորման եւ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան համար կատարուած քայլ, զրպարտելով Հայաստանը այդ «քայլը» անպատասխան թողնելու համար։

Քալընը նաեւ խօսած է 2014-ին սկսած, Էրտողանի կողմէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին յղուող «ցաւակցական ուղերձի» մասին, զայն անուանելով Անատոլիոյ մարդոց «համատեղ ցաւերը» մեղմելու համար պարզուած ձեռք, որ իբր թէ անտեսուած է «շահարկում ընող լոպպիստական ուժերու» կողմէ։

Քալըն չէ մոռցած հերթականութեամբ շարադրել նաեւ այս ընթացքին Թուրքիոյ զինանոցը կուտակուած միւս բոլոր տխրահռչակ թէզերը, որոնք կը վերաբերին այդ տարիներուն մահացած իսլամներու ընդհանուր ցաւին, թրքական իբրեւ թէ բաց արխիվներուն, Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունող 3-րդ երկիրներու անցեալի ենթադրեալ մութ էջերուն եւ այլն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment