Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն. Ֆրանսան Յանձնառու է Պայքարելու Ցեղասպանութեան Ժխտողականութեան Դէմ

Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն. Ֆրանսան Յանձնառու է Պայքարելու Ցեղասպանութեան Ժխտողականութեան Դէմ

by MassisPost

«Ապրիլ 24-ին Ֆրանսան կը յիշէ Կոստանդնուպոլսոյ 600 հայ մտաւորականներու սպանդը, որ սկիզբ դրաւ ցեղասպանութեան: Այսօր Ֆրանսան առաւել քան երբեւէ յանձնառու է պաշտպանելու զոհերու յիշատակը, պայքարելու ժխտողականութեան դէմ եւ լուրջ դաս քաղելու պատմութեան այդ ողբերգական էջէն», – Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի կապակցութեամբ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին յղած նամակին մէջ գրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:

Ֆրանսան պաշտօնապէս ճանաչած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, անցեալ տարի ալ Էլիզեան պալատի ղեկավարը ապրիլ 24-ը հռչակած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

«Խստօրէն յարգելով ներկայ առողջապահական վիճակի թելադրած հրահանգները, ես որոշած եմ, որ այս տարի նոյնպէս այդ օրը նշուի Փարիզ, սեղմ արարողութեամբ, Ֆրանսայի կառավարութեան անդամներուն ներկայութեամբ», – նաեւ ըսուած է Մաքրոնի նամակին մէջ:

Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատած է նախապէս իր ըրած յայտարարութիւնը՝ հայերը կրնան յոյս դնել Ֆրանսայի բարեկամութեան վրայ: «Հաւատարիմ իր յանձնառութիւններուն՝ Ֆրանսան հայերու կողքին է խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հասնելու անոնց իղձերուն մէջ», – Էմանուէլ Մաքրոն:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը Ֆէյսպուքեան գրառմամբ յայտնած է Արմէն Սարգսեանին, Էմանուէլ Մաքրոնին, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփի յղած նամակներու մասին, հրապարակելով անոնց լուսապատճէնները:

«Սոյն թուականի ապրիլ 24-ին Ֆրանսան պիտի յիշատակէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը: Ներկայիս մեզի պատուհասած համավարակի առողջապահական ճգնաժամը ի զօրու չէր մեր կողմէն մոռացութեան մատնել այդ կարեւոր պայքարը՝ յանուն արդարութեան եւ պատմական ճշմարտութեան: Ընդհակառակը, ան մեզի կը կոչէ այն համերաշխութեան, որ միշտ եղած է մեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հիմքը», – Փաշինեանին գրած է Ֆիլիփը:

«Մէկ անգամ եւս կը ցանկամ Ֆրանսայի ձայնը միաւորել անոնց, որոնք անխոնջ կը պահանջեն, որպէսզի բոլորի կողմէ ճանաչուի ամբողջ ժողովուրդի մը կոտորածը: Ինչպէս Անաթոլ Ֆրանս այս առիթով արտայայտուած է. «Նահատակներուն հոսած արիւնը ապարդիւն չէ, մի ուժ ձեզի հետ է՝ ցրուած, սակայն հզօր», – կը շեշտէ Ֆրանսայի վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment