Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ապրիլ 24-ի Առթիւ ՀԿԲՄ Արիւնարշաւ Կազմակերպեց Փասատինայի իր Կեդրոնէն Ներս

Ապրիլ 24-ի Առթիւ ՀԿԲՄ Արիւնարշաւ Կազմակերպեց Փասատինայի իր Կեդրոնէն Ներս

by MassisPost

Փասատինա.-  Ապրիլ 24-ի հրապարակային միջոցառումներու բացակայութեան, այս տարի Լոս Անճելըսի Հայ Համայնքը այլընտրանքային նախաձեռնութիւններով է որ կը նշէ Հայկական Ցեղասպանութեան 105-ամեակը եւ վառ կը պահէ յիշատակը 1.5 միլիոն Հայ նահատակներուն, որոնք զոհ դարձան թրքական կառավարութեան բնաջնջումի քաղաքականութեան:

Հայ համայնքի անդամներու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ կրկնապատկել 1.5 միլիոն Ամերիկացիներու ճաշ բաժնելու՝ «Մենք Շնորհակալ Ենք Ամերիկային» ծրագիրը: Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը (ՀԿԲՄ) եւս մասնակցեցաւ այս արշաւին:

Մէկ այլ խորհրդանշական եւ  շատ օգտակար ծրագիր կազմակերպուեցաւ ՀԿԲՄ-ի Փասատինայի կեդրոնէն ներս:  Համագործակցութեամբ Ամերիկայի Կարմիր Խաչի Կազմակերպութեան Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ին տեղի ունեցաւ արիւնարշաւ: Կեանք փրկելու այս  ծրագիրի իրականացումով ՀԿԲՄ կու գար պատուելու մեր նահատակներու յիշատակը: Միաժամանակ երախտագիտութիւն յայտնելու Ամերիկացի ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս  Կարմի Խաչին, որ 1915 թուականէն  առաջ եւ ետք, օգնութեան ձեռք երկարեց Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին բարբարոսութիւններու ենթարկուող հայութեան եւ ապա վերապրողներուն:

aebu-redcross-2

Վերջին ամիսներուն եւ յատկապէս համաճարակի պատճառաւ Կարմիր Խաչի նախապէս նշանակուած արիւնարշաւի ծրագիրները ջնջուած էին: Վերջին շրջանին Կազմակերպութիւնը հանդէս կու գար կոչերով, որպէսզի ժողովուրդը արիւն նուիրաբերէ՝ պակաս չյառաջանալու համար:

ՀԿԲՄ ընդառաջեց  այս կոչին` Ապրիլ 24-ի առթիւ կազմակերպելով արիւնարշաւ: Հայ համայնքի անդամները անմիջապէս սկսան արձանագրուիլ կայքէջի միջոցաւ եւ մէկ շաբթուայ մէջ բոլոր տեղերը ամբողջացան:

«Արեան նուիրատուութիւնը մարդասիրական կարեւոր քայլ է: Այս արիւնարշաւով մենք մահուան դէմ կը պայքարինք կեանք տալով, խաւարի դէմ՝ լոյս, յուսահատութեան դէմ՝ յոյս»,- ըսաւ ՀԿԲՄ-ի արունարշաւի յանձնախումբի անդամ Դոկտ. Ռոզիկ Տէր-Դաւիթեան:

aebu-redcross-5

ՀԿԲՄ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ամերիկեան Կարմիր Խաչին, որ անխոնջ կերպով կը շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը, անոնց մէջ ամենէն կարեւորը կը հանդիսանայ արիւնարշաւը՝ փրկելով միլիոնաւոր մարդոց կեանքը:

Իւրաքանչիւր արեան միաւոր կը փրկէ երեք անձերու կեանքը: Այս արշաւով ՀԿԲՄ ապահովեց 33 միաւոր: «Այս թիւը մեր ակնկալութենէն բարձր է եւ մենք շատ գոհ ենք այս արդիւնքէն,» ըսաւ Էտուարտ Քիմ, ներկայացուցիչ Ամերիկեան Կարմիր Խաչին։ Եւ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԿԲՄ-ին նախացերնելու համար այս արիւնարշաւը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment