Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Ճարակ(*) Չեղաւ Կամ՝ Արարիչն Արարածոց Մեզ Բարկացաւ

Ճարակ(*) Չեղաւ Կամ՝ Արարիչն Արարածոց Մեզ Բարկացաւ

by MassisPost

Մկրտիչ Նաղաշ բանաստեղծը եւ Միջագետքի երկրորդ համաճարակը 1469, Ամիդ քաղաք

 

Norayr DaduryanՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Սրբազան հայրը իր պարտասուն փետրագրիչը դրաւ կաղամարի մէջ, դանդաղօրէն ելաւ իր կարմիր թաւշեայ աթոռէն, ու խոհուն քայլերով անցաւ առաջնորդարանի հովոցը։ Կամարակապ պատուհանէն վհատ աչքերով դիտեց ամայացած դաշտերը, գիւղերը, իր սիրելի Ամիդը, ապա Ս. Թէոդորոս կաթողիկէի գմբէթը, որու խաչը, քառաթեւ նշոյլ, մշտարթուն կը հսկէր քաղաքի վրայ ու վայելչօրէն ալ կը զարդարէր անոր ուրուագիծը։ Ողբաց։ Մահ էր ամենուրեք։ Մարդկային անյարմար վիճակ,- ըստ կենսասէր առաջնորդ հօր, որ համբաւ կը վայելէր որպէս նաեւ զգայուն մանրանկարիչ եւ բանաստեղծ։ Ի’նչ փորձանք է, մտածեց, Աստուած բորբոքեցաւ, դիեցիկ մայրեր որդեկորոյս՝ կը մորմոքին… Երկիրը հարուածող այդ չարագործ համաճարակին պատճառը փորձեց ըմբռնել։ Երկնային պատի՞ժ։ Վանքերու եւ քաղաքներու մէջ բոյն դրած շուայտութիւններու, կաշառակերութիւններու հետեւա՞նք… Ալեզարդ սրբազանը, այժմ եօթանասուն տարեկան այր, գլուխը իր ձեռքերուն մէջ առաւ, ու Միջագետքի անշնչացած տարածութիւնը շրջահայելով մեղմ շշնջաց…

Արարիչն արարածոց մեզ բարկացաւ,
Քաղցր բնութիւնն աստուածային մեզ դառնացաւ:

Այս օրերուն, յարգելի ընթերցող, երբ համաճարակ մը կը սպառնայ երկիր մոլորակի բնակիչներու առողջութիւնը, ու երբ աշխարհի տնտեսական եւ քաղաքական համակարգը գլխիվայր կը սուրայ դէպի բեկման մը, յարմար կը տեսնեմ մտաբերել միջնադարեան հայ բանաստեղծ եւ մանրանկարիչ, Ամիդ մեծ քաղաքի առաջնորդ Մկրտիչ Նաղաշի այն ողբը, զոր գրի առեր է Միջագետքի երկրորդ՝ 1469 թուականի համաճարակի օրերուն։ Երկարաշունչ է ան, 30 երկտող, ու կը պարունակէ սրտաճմլիկ տեսարաններ։ Խոր վիշտով տեսնելով, թէ զոհերու մեծամասնութիւնը կը կազմեն անչափահասերը՝ բանաստեղծը զայն անուաներ է «Ողբ վասն մանկանցն ննջեցելոցն»։

Մկրտիչ Նաղաշ

Մկրտիչ Նաղաշ

Ո՞վ էր հեղինակը՝ մարդասէր, կենսասէր եւ արուեստասէր այդ անձնաւորութիւնը։ Թոյլ տուէք խօսիմ անոր կեանքի հանգամանքներու մասին ու մէջբերեմ ողբէ ընտիր երկտողեր։

Մկրտիչ Նաղաշը բնիկ Բաղէշցի էր, Պոռ գիւղէն։ Կը կարծուի, թէ ծնած ըլլայ 1394 թուականին։ Հայրը, Առաքելը, քահանայ է եղած։ Շատ կանուխ տարիքին դրսեւորուեր են անոր բանաստեղծական եւ նկարչական ձիրքերը։ Ուսաներ է իր ծննդավայրի Ս. Անանիա եւ Ս. Գեւորգ վանքերու մէջ։ Ժամանակակիցները զինք կոչած են «անհամեմատ նկարիչ»։ Որպէս հմուտ նկարազարդող, արժանացած է «նաղաշ», այսինքն՝ նկարիչ մակդիրին։ Կ’ամուսնանայ։ Կը ծնի փոքրիկն Մեսրոպը։ Դժբախտաբար, երիտասարդ տարիքին կը մահանայ կինը։

Եղուկ ու վայ հազար բերան զինչ գործեցաւ,
Զի նորասէր հարսն ու փեսայն բաժանեցաւ:

Իր կնոջ մահէն յետոյ, 1420ականներուն, Մեսրոպի հետ կը տեղափոխուի Ամիդ։ Կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս։ 1431 թուականին, ամիր Օսման բեկի իշխանութեան օրերուն, կը նշանակուի Միջագետքի հայոց հոգեւոր առաջնորդը։

Սուրն հրեղէն այսօր յերկիր տարածեցաւ,
Հուրն ‘ի տանէն աստուածային բորբոքեցաւ:

Բազմամարդ էր Ամիդը, բազմակրօն եւ բազմամշակոյթ։ Նաղաշը իր մարդասիրութեամբ եւ մաքրակենցաղ վարքով կը վայելէ բոլորին, մանաւանդ՝ ամիրին համակրանքը։ Անոր բարեացակամութեան շնորհիւ որոշ արտօնութիւններ ձեռք կը բերէ հայերու համար։ Բեղուն շրջան է։ Կը գրէ խրատական բանաստեղծութիւններ։ Կը քարոզէ համամարդկային համերաշխութիւնը։ Փրկագինով գերութենէ կ’ազատէ բազմաթիւ հայրենակիցներ։ Բարենպաստ պայմանները կ’արտօնեն, որ 1439-1443 թուականներուն վերակառուցէ քաղաքի Ս. Թէոդորոս կաթողիկէն։ Եկեղեցին կ’ունենայ նոր գմբէթ, որ իր բարձրութեամբ կը գերազանցէ քաղաքի մինարէները։

Լացէք այսօր եւ ողբացէք ամենեքեան
Դառն արտասուօք հառաչեցէք դուք միաբան:

Բարձրադիր այդ գմբէթի տեսքը քաղաքի վրայ, պատճառ կ’ըլլայ, որ մոլեռանդ այլազգներ հալածանք սկսին եւ չարախօսին Նաղաշի դէմ։ Օսման բեկի որդին, Համզան, նոր ամիրը, անհանդուրժող անձ, կը հրամայէ գմբէթը խոնարհեցնել։

Գեղեցկատիպ սարկաւագունքն քաղցրաձայն,
Որք կարդային զօրհանապազ սաղմոսարան,
Որպէս ծաղկունք եկեղեցւոյ վայելչական,
Այսօր անկեալ ‘ի հող մահու թառամեցան:

Ծանր կը վշտանայ առաջնորդը։ Հրաժեշտ կու տայ Ամիդին։ Նախ կ’երթայ Պոլիս, ապա Ղրիմի Թէոդոսիա քաղաքը։ Չորս տարի ետք, Համզային յաջորդած է անոր որդին՝ Ճիհանկիր միրզան։ Լայնախոհ ամիրի հրաւէրով Նաղաշը կը վերադառնայ իր պաշտօնին։ 1447 թուականին ալ Նեքամատ վարպետի ձեռքով կը վերակառուցէ Ս. Թէոդորոսը։

Քանի մանուկ մատաղատունկ ‘ի հող դարձաւ,
Եւ թէ քանի մայր որդեմեռ մորմոքեցաւ:
Անմեղ տղայքն ‘ի հրեշտակէ խոցեալ լինին,
Եւ թաւալին առջեւ ծնողացն ողորմագին:

Նաղաշը վերանորոգ, բուռն աշխատանքի կը ձեռնարկէ։ Այս շրջանին կը ստեղծէ իր գրական լաւագոյն գործերը, առանց կասկածելու, թէ ի’նչ արհաւիրքներու յղի էր Միջագետքը։ Կը քարոզէ հոգեւոր մաքուր կենցաղը եւ աշխարհի ունայնութիւնը, թէ սուտ է աշխարհը, երազ է ան, խաբուսիկ եւ անցողիկ, պէտք է խուսափիլ սին վայելքներէ, շռայլութենէ եւ փառասիրութենէ։ Կոթողային է անոր «Վասն ագահութեան» խրատական բանաստեղծութիւնը. «…Զինչ թագաւորք եւ մեծ իշխան, որ հեղելով յիրար կռուան, / Զինչ որ արիւն յերկիր հեղան, ամէնն վասն ագահութեան»։ Կենսասէր է ան։ Քնարական եւ նուրբ տաղերով կը գովերգէ բնութեան գեղեցկութիւնը, ազնիւ փոխադարձ սէրը, սոխակը, վարդը։

Զի գեղեցիկ եւ ճոխ պատկերքն մեռանին
Եւ սիրական որդիքն ‘ի մօրէն բաժանին:
Աղէկ մանուկ, աղուոր պատկեր, արեւ նման,
Ունքն կամար, աչքն կանթեղ էր յանդիման:

Նաղաշն է առաջինը, որ հայկական քնարերգութեան մէջ գրեց պանդխտութեան բանաստեղծութիւններ։ Ինք, թէ’ պանդուխտ էր եղած եւ թէ՝ աքսորեալ։ Ծանօթ է այդ տառապանքին. «…Հոգի՛, մի՛ ասեր ղարիպ, թէ չէ իմ սիրտը կ’արունի»։

1449 թուականին կը բռնկի Միջագետքի առաջին, իսկ 1469 թուականին՝ երկրորդ համաճարակը։

Արդ ո՞վ կարէ լեզուաւ պատմել զբան աղէտին,
Եւ զկսկիծն դառնութեան՝ զողբն սրտին:

Յոյժ աւերիչ եւ ցնցիչ է եղած երկրորդը՝ խլեր է անթիւ մանուկներու, «ազգի ազգի» անմեղներու կեանքը։

Մահու հրեշտակն ահեղակերպ զարհուրական,
Ո’չ ողորմի նոր փեսային եւ ո’չ մանկան:
Մանուկն ելաց եւ հառաչեց, ճարակ չեղաւ…
Հայրն չկարաց փրկել զորդին իւր սիրական:

Մահը, ըստ Մկրտիչ Նաղաշի, մարդու ողբերգութիւնն է, անյարմար վիճակ։ Ճիշդ է, բանաստեղծը խօսեր է մահուան մասին, բայց ո’չ աղաղակելով, այլ՝ գեղագիտական շունչով, քրիստոնէական հեզութեամբ եւ հանդարտութեամբ։ Ողբը գրի առեր է 1469 թուականին՝ երկրորդ համաճարակի օրերուն։ Հոգեւոր հովիւը, որ ականատեսն էր իր հօտին վիճակած ճակատագրին, յաջորդ տարի, (հաւանաբար) ի’նք զոհ կ’երթայ այդ պատուհասին։ Հետեւեալ քառեակը, կարծես, թէ կենսագրական է.

Գեղեցկագեղ գոյնն երեսին թառամեցաւ
Եւ ծովային աչքն ‘ի լուսոյ պակասեցաւ:
Եւ վայելուչ զօրեղ բազուկն թուլացաւ,
Լար արծաթոյ ոսկի մանեակն մանրեցաւ:

Ողբը ունի երկտող մը, որ կարծես, թէ հրաժեշտի խօսքեր են.

… Բարով կացէ’ք հարք եւ եղբարք,
Բարով կացէ’ք իմ սիրելիք դուք հաւասար:

Ս. Թէոդորոս կաթողիկէ վանք

Ս. Թէոդորոս կաթողիկէ վանք

Ս. Թէոդորոսի գմբէթէն ալ վեր, այժմ Տիրամայրը կը լսէ ողբի վերջաբանը։ Ան բանաստեղծութիւն չէ, այլ՝ ջերմեռանդ աղօթքի մը մրմունջը.

Ամէն օրհնեալ կոյս Մարիամ Աստուածածին,
Զէնէհար մեր ննջեցեալքն ‘ի քեզ յանձնին:
Արժան արա զմեզ անթառամ սուրբ պսակին,
Եւ քեզ ամէնքս երկրպագեմք կոյս Տիրածին:

Յարգելի ընթերցող, այս օրերուն, երբ դաժան համաճարակ մը կը ցնցէ աշխարհը ու կը սպառնայ կեանքը, հազարաւոր անմեղներ արմատախիլ կ’ընէ, կը հեռացնէ աշխարհ կոչուած այս գեղեցիկ պարտէզէն, յարմար կը տեսնեմ իւրայատուկ բանաստեղծի խօսքերով հրաժեշտ տալ յօդուածիս.

Բարով կացէ’ք հարք եւ եղբարք,
Բարով կացէ’ք իմ սիրելիք դուք հաւասար:

*Ճար, դարման

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment