Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախկին Իշխանաւորներ, Արեւմտամէտներ, Հոգեւորականութիւն. Վարչապետը Ներկայացուց «Հիասթափուողներուն» Շրջանակը

Նախկին Իշխանաւորներ, Արեւմտամէտներ, Հոգեւորականութիւն. Վարչապետը Ներկայացուց «Հիասթափուողներուն» Շրջանակը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համաձայն` Հայաստանի մէջ «մեծ հիասթափութեան» շրջանակէն ներս, առաջին հերթին են նախորդ իշխանութեան ներկայացուցիչները: Այս մասին ան նշեց ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ: Երէկ Փաշինեան նշած էր, որ կայ «մեծ հիասթափութիւն»:

«Յաջորդ խումբը, որը հիասթափուելու շատ  որոշակի պատճառ ունի, նախկին իշխանութեան ենթակառուցուածքի մէջ ներգրաւուած մարդիկ են»,- նշեց ան, մանրամասնելով, որ անոնց կարգին կրնայ նշել որոշ փորձագէտներ, ֆէյսպուքեան աշխոյժ օգտատէրեր, որոնք նախորդ իշխանութիւններու PR-ով (Հանրային կապերով) կը զբաղէին:

Ըստ վարչապետին` «հիասթափած են» արեւմտամէտները, քաղաքական ուժերը, իշխանութեան մէջ եղած եւ իշխանութեան մօտ կանգնած երիտասարդները, ռուսամէտները, օլիգարխիան սակաւապետութիւնը կամ նախկին սակաւապետները, յուսալի ֆինանսաւորումի աղբիւրէն զրկուած լրատուամիջոցները, հոգեւորականութիւնը, սփիւռքի որոշ կառոյցներ, նիւթական ակնկալիքով յեղափոխութեան մասնակցած մարդիկ:

«Արեւմտամէտները պէտք է հիասթափուէին, որովհետեւ Հայաստանում արեւմտամէտ ուժեր չեն եկել իշխանութեան։ Ռուսամէտները պէտք է հիասթափուէին, որովհետեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներն իրենց իշխանութիւնը նրանց հետ չէին կիսելու։ Պէտք է հիասթափութիւն ապրեր սակաւապետութիւնը կամ նախկին սակաւապետները, որը զրկուել է շատ արտօնութիւններից։ Լրատուամիջոցները, որոնք զրկուել են յուսալի ֆինանսաւորման աղբիւրներից»,- ըսաւ վարչապետը:

Ան շեշտեց, որ Զանգուածային Լրատուութեան Միջոցներու (ԶԼՄ) մեծ խումբ մը կայ, որ կը շարունակէ ֆինանսաւորուիլ նախկին իշխանութիւններու կողմէ, անոնց հիասթափութեան պատճառն ալ այն է, որ կը հասկնան, որ այդ վիճակը երկար պիտի չշարունակուի. նախկին իշխանութիւններու գումարները պիտի աւարտին:

«Հայաստանում ակնյայտ է դառնում, որ հոգեւոր կեանքն արժէքների եւ գաղափարների սերմանման մեծ բացեր ու հարցեր ունի, որն էլ առաջացնում է հոգեւորականութեան շրջանում լրջագոյն հիասթափութիւն»,- նկատել տուաւ վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment