Ազգային ժողովը, Ապրիլ 17-ին, Մարտին Գալստեանը ընտրած է Կեդրոնական դրամատան նախագահ: Փակ, գաղտնի քուէարկութեան մասնակցած 119 պատգամաւորներէն «Իմ քայլը» խմբակցութեան առաջադրած թեկնածուի օգտին ձայն տուած են 104-ը, դէմ՝ 15-ը:
Մարտին Գալստեանը 2018 թուականէն Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի անդամ է։ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ ստացած է տնտեսագիտութեան թեկնածուի աստիճան, որպէս մագիստրոս սորված է Հարուըրտի համալսարանի Ճոն Քենըտիի անուան Կառավարման դպրոցը, կը դասաւանդէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ:
2008 թուականէն Կեդրոնական դրամատան նախագահի պաշտօնը զբաղցնող Արթուր Ջաւադեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կը լրանայ Յունիսին։