Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Վրէժ Աղաճանեան Կլէնտէլի Քաղաքապետ

Վրէժ Աղաճանեան Կլէնտէլի Քաղաքապետ

by MassisPost

Կլէնտէլի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ապրիլ 13-ի նիստին Վրէժ Աղաճանեան ընտրուեցաւ քաղաքապետ` փոխարինելով Արա Նաճարեանին:

Վրէժ Աղաճանեան Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ ընտրուած էր 2017-ին: Ան եղած է Պըրպէնք-Կլէնտէլ-Փասատինա օդանաւակայանի տնօրէններու խորհուրդի անդամ եւ վարած է Կլէնտէլի բնակարանային վարչութեան նախագահի պաշտօնը:

Տարիներու ընթացքին Վրէժ Աղաճանեան եղած է Ամերիկայի Հայ Ճարտարագէտներու եւ Գիտնականներու ընկերակցութեան անդամ եւ նախագահ, Լոս Անճելոսի Իրանահայ Միութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ Շուշիի գիշերօթիկ դպրոցի հոգաբարձուներու խորհրդի նախագահ:

Աղաճանեան Լոս Անճելոսի մէջ գործող հայկական երկու հեռատեսիլի ընկերութիւններու գործադիր տնօրէն է եւ հեռատեսիլի մեկնաբան:

Ամուսնացած է, Տիանա Աղաճանեանի հետ եւ ունի երկու մեծահասակ զաւակներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment