Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լուրջ Առիթ, Ջարդելու Համար Համաճարակի Ողնաշարը.Փաշինեան

Լուրջ Առիթ, Ջարդելու Համար Համաճարակի Ողնաշարը.Փաշինեան

by MassisPost

Առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի մէջ «Քորոնայ» ժահրով նոր վարակուածներու թիւը գրեթէ կրկնակի քիչ է առողջացածներէն։ 13 Ապրիլին, 685 հետազօտութիւն կատարուած է, որմէ 28-ը դրական եղած են, 54 առողջացած մարդ դուրս գրուած է, կայ 2 մահ: Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերով յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Այսօր ունենք 786  դէպք, այսինքն՝ դէպքերի որոշակի նուազում ունենք, սա էլ է առաջին անգամ, երբ օրուայ արդիւնքով ոչ թէ վարակակիր հիւանդներու թիւն աճում է, այլ նուազում է»,- մանրամասնեց վարչապետը:

Վիճակագրութիւնը թոյլ կու տայ ըսելու, որ հնարաւորութիւն կայ «ջարդելու վարակի ողնաշարը», յայտարարեց վարչապետը։ Փաշինեանի համաձայն՝ շատ մեծ բան կախուած է իւրաքանչիւրի անհատական պատասխանատուութենէն.- «Իմ գնահատմամբ` մենք այս պահին ունենք չափազանց լուրջ առիթ` իսկապէս ջարդելու համաճարակի ողնաշարը, եւ դրա  համար լաւ լուրերից ոչ թէ մեր զգօնութիւնը պէտք է թուլանայ, այլ լաւ լուրերից պէտք է մեր զգօնութիւնը, կարգապահութիւնը կրկնապատկուի, եռապատկուի, քառապատկուի, որպէսզի մենք միասին կարողանանք րոպէ առաջ այս իրավիճակը յաղթահարել»։

Վարչապետը յիշեցուց, որ պարէտատան որոշումով տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ կրկին հնարաւորութիւն ունեցած են աշխատանքի երթալու։ Գործադիրի ղեկավարը այս փուլին կը կարեւորէ գործատուներու պատասխանատուութիւնը, կոչ կ’ուղղէ անոնց, որ հակահամաճարակային միջոցառումներ ձեռնարկեն, իրենց իսկ աշխատակիցներու վարակման հնարաւորութիւնները նուազագոյնի հասցնելու համար։

«Որպէսզի մենք կարողանանք վերջին օրերին նկատուած դրական ընթացքը ոչ միայն պահպանել, այլեւ զարգացնել, այլեւ մեր գործողութիւններով կարողանանք այնպէս անել, որ համավարակի սրութիւնը, գագաթնակէտը մեզ համար լինի թիկունքում, ոչ թէ առջեւում»,- նկատել  տուաւ վարչապետը։

Կառավարութեան մէջ իրավիճակը լրջօրէն փոխելու յոյսեր ունին.- «Շուտով յոյս ունեմ հնարաւորինս շուտ երեւանեան ամառը, շոգերը կը վերադառնան, որոնք, մասնագէտների ոչ 100 տոկոս երաշխաւորութեամբ, բայց նախնական գնահատմամբ պէտք է նաեւ դրական ազդեցութիւն ունենան համավարակի առումով: Եւ այս գործօնների համադրմամբ եօյս ունենք, որ մենք կը կարողանանք իրավիճակը լրջօրէն փոխել»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment