Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեան Ձայներու 87 Տոկոսով Ընտրուած է Արցախի Նախագահ

Արայիկ Յարութիւնեան Ձայներու 87 Տոկոսով Ընտրուած է Արցախի Նախագահ

by MassisPost

Նախկին վարչապետ եւ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին ստանալով ձայներու 87 տոկոսը ընտրուած է նախագահի պաշտօնին:

«Քորոնա» ժահրի պատճառաւ Արցախի տարածքին յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն տակ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն մասնակցած է 47050 ընտրող, որ կը կազմէ ընտրողներու 44,9 տոկոսը:

«Ֆէյսպուքի» վրայ գրառում կատարելով Յարութիւնեան յայտարարեց. «Շնորհաւորում եմ բոլորիս: Իսկ շնորհաւորանքի առիթը բաւականին ծանրակշիռ է. պանդեմիայի պարտադրած բարդ պայմաններում մենք բոլորս կարողացանք առանց ցնցումների յաղթահարել քուէարկութեան 2 փուլերը»:

«Քուէարկութեան ակտիւութեան թեմայով դատողութիւնները թողնենք քաղաքագէտ-վերլուծաբաններին: Իմ կարծիքը հետեւեալն է. մեր հայրենակիցների մի մասը` ե՛ւ իմ, ե՛ւ միւս թեկնածուի կողմնակիցներից, գուցէ թէ մտածեց, որ ընտրութեան արդիւնքը կանխորոշուած է, եւ իր մասնակցութիւնն այդքան էլ պարտադիր չէ»:

Արայիկ Յարութիւնեանին առաջին շնորհաւորղներէն եղաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան: Ինչպէս կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն, Արմէն Սարգսեան հեռձայնային զրոյց ունեցած է Արցախի ընտրեալ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ, շնորհաւորած է ընտրութիւններու երկրորդ փուլին յաջողութեան հասնելուն եւ նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելուն առթիւ:

Յիշեցնենք` երկրորդ փուլին մասնակցելու իրաւունք ստացած էին Արայիկ Յարութիւնեան եւ գործող արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը:

Առաջին փուլին՝ Մարտ 31-ին, Յարութիւնեան ստացած էր ձայներու 49,2 տոկոսը, իսկ Մայիլեանը՝ 26,4 տոկոսը:

Առաջին փուլէն յետոյ Մայիլեան կոչով հանդէս եկաւ՝ ընտրողներուն յորդորելով չմասնակցիլ երկրորդ փուլի քուէարկութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment