Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ-ի Նախաձեռնութեամբ Ստեղծուած է Խորհրդատուական Գրասենեակ

ՍԴՀԿ-ի Նախաձեռնութեամբ Ստեղծուած է Խորհրդատուական Գրասենեակ

by MassisPost

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի նախաձեռնութեամբ ու համագործակցութեամբ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) եւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի (ՀԱԽ) կը յայտարարէ որ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած տագնապալի վիճակին բերումով կեանքի կոչած ենք յատուկ գրասենեակ մը:

Սոյն գրասենեակը խորհրդատուական ծառայութիւններ պիտի տրամադրէ պետական եւ այլ նպաստներէն օգտուելու կարելիութիւններուն մասին, որպէսզի Հայ քաղաքացիները կարողանան որոշ չափով յաղթահարել տնտեսական դժուարութիւնները:

Խորհրդատուութեան եւ օժանդակութեան համար կարելի է դիմել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին.888-908-1887
Կամ. [email protected]

Այս առթիւ կոչ կ՛ուղղենք հետեւիլ շրջանի առողջապահական կանոններուն եւ ապահովական բոլոր թելադրանքներուն:
ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment