Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան. «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերու Թիւը Հասած է 571-ի, կը Բուժուին 537-ը

Հայաստան. «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերու Թիւը Հասած է 571-ի, կը Բուժուին 537-ը

by MassisPost

Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը Հայաստանի մէջ աւելցած է 39-ով։ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան 1 ապրիլին յայտարարած է, որ վարակուած է 571 մարդ։

2704 քննութիւններու արդիւնքները բացասական են, կը բուժուին 537 հիւանդ։ Վարակակիրներէն 31-ը ապաքինուած է, մինչեւ օրս մահացած է 3 մարդ։ Վարակուած 30 հիւանդի բնակութեան վայրը կը պարզուի, քանի որ, ըստ առողջապահութեան նախարարութեան, անոնց փաստացի եւ անձնագրին մէջ հաշուառուած տուեալներուն մէջ անհամապատասխանութիւն կայ:

Թոքաբորբ ունի շուրջ 90 մարդ, որմէ 30-ը` ծանր վիճակի մէջ է, 424 մարդ ջերմութիւն չունի: Զինուած ուժերուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 6 զինծառայող։

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին, Պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան ըսաւ, թէ 5 զինծառայողները հիւանդութեան բնորոշ որեւէ ախտանշան չունին։ Վարակուած զինծառայողներու հաղորդակիցները մեկուսացուած են։

«Մեր 6 հիւանդ զինծառայողների առողջական վիճակը կայուն է, նրանց ինքնազգացողութիւնը լաւ է: 5 զինծառայողի մօտ ժահրին բնորոշ ջերմութիւն կամ այլ ախտանշաններ ընդհանրապէս չկան, մէկը թոյլ ջերմութիւն ունի», – ըսաւ Ստեփանեան:

Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակը յայտնեց, որ արտասահմանեան երկիրէ Հայաստան վերադարձած զինծառայողներու մօտ քննութեան արդիւնքը բացասական է եւ անոնք անցած են ծառայութեան։

«Վերադարձել են ծառայութեան եւ շարունակում են իրենց պարտականութիւնները կատարել», – նշեց Շուշան Ստեփանեան:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ֆէյսպուքին մէջ հրապարակած է տարբեր երկիրներու, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու կրկնապատկման արագութիւնը։ Թորոսեան գրած է, որ տարբեր երկիրներ, այս ընթացքին, «Քորոնա» ժահրով վարակի դէպքերու կրկնապատկման տարբեր արագութիւններ ունեցած են՝  2-էն մինչեւ 10 օր, Հայաստանի մէջ անիկա տուեալ պահուն 7 օր է։

«Այսինքն մեր դէպքերը կրկնապատկուում են իւրաքանչիւր 7 օրը մէկ անգամ: Այդպիսի ընթացք որպէս օրինակ ունի նաեւ Ճափոնը», – գրած է առողջապահութեան նախարարը։

Եւ եթէ այս ընթացքը պահպանուի, ըստ Թորոսեանի, Հայաստանը 7 ապրիլին կ’ունենայ մօտ 1000 դէպք, 14 ապրիլին` 2000 եւ այդպէս շարունակ:

«Եթէ ընթացքը պահպանուի ու օրինակ չդառնայ Հարաւային Քորէայի նման հարթ, ապա մենք ստիպուած ենք լինելու թեթեւ ընթացքով կամ առանց ախտանշաններով հիւանդներին «բուժել» տանը, ինչպէս անում են շատ երկրներ` պարզապէս այլ ելք չունենալով», – ֆէյսպուքին մէջ գրած է նախարար Թորոսեան։

Առողջապահութեան նախարարը չի կարծեր, որ այս, Հայաստանի կողմէ ցանկալի տարբերակ է, քանի որ առողջապահական համակարգը, ներառեալ յատուկ «Քորոնա» ժահրի համար ծաւալուող հատուածը, չի կրնար այդ բեռը տանիլ, որեւէ երկրի առողջապահական համակարգ չի կրնար այդ բեռը կրել, շեշտած է Թորոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment