Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսահայ Քաղաքական Գործիչ Պատրիկ Տեւէճեանի Մահը կը Սգան Ֆրանսայի Եւ Հայաստանի ՄԷջ

Ֆրանսահայ Քաղաքական Գործիչ Պատրիկ Տեւէճեանի Մահը կը Սգան Ֆրանսայի Եւ Հայաստանի ՄԷջ

by MassisPost

Ֆրանսիայի մէջ «Քորոնա» ժահրով մահացած է հայազգի քաղաքական գործիչ, Օ-տե-Սեն Բաժանմունքի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ եւ Ֆրանսիայի նախկին արդիւնաբերութեան նախարար Պատրիկ Տեւէճեան:

75-ամեայ Տեւէճեան մի քանի օրեր առաջ յայտնած էր, որ հիւանդութիւնը հասած է նաեւ իրեն, բայց բժիշկներու շնորհիւ կ՛ապաքինի եւ ունի զգալի տեղաշարժ:

Պատրիկ Տեւէճեանի մահուան առթիւ ցաւակցական խօսքեր յայտնեցին Ֆրանսայի նախկին նախագահներ՝ Նիկոլա Սարկոզի, Ֆրանսուա Օլանդ եւ այլ քաղաքական դէմքեր:

Հայազգի գործիչի մահուան սուգին առթիւ ցաւակցական խօսքեր յղեցին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment