Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաղաքացիներու Տեղաշարժը եւ Հեռախօսազանքերու Շրջանակը Հասանելի Դարձնելու Նախագիծ Ընդունուեցաւ

Քաղաքացիներու Տեղաշարժը եւ Հեռախօսազանքերու Շրջանակը Հասանելի Դարձնելու Նախագիծ Ընդունուեցաւ

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրով վարակուածներու շրջանակը պարզելու համար, կառավարութիւնը առաջարկած է հասանելի դարձնել քաղաքացիներու անձնական տուեալները՝ տեղաշարժը, հեռախօսազանքերու եւ նամակագրութիւններու շրջանակը։

Նախագիծը խորհրդարանի մէջ քննարկուեցաւ թէժ մթնոլորտի մէջ։ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրապեան քննադատեց.-

«Պարո՛ն նախարար, յետ տարէք այս նախագիծը: Ես ուզում եմ ասել, որ Դուք աննպատակ, անիմաստ գործ էք անելու. այն հսկայական ռեսուրսները, որ Դուք ծախսելու էք մեզ տեղորոշելու համար, ծախսէք սահմաններին` Հայաստանի բոլոր մուտքերին թեստեր դնելու համար», – նշեց ան:

Ի՞նչ երաշխիք, որ մէկ կեդրոն հաւաքագրուած քաղաքացիներու տուեալները արտակարգ դրութենէ յետոյ անոնց դէմ չեն օգտագործուիր, մտահոգուած էին «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները։

«Համաճարակի տարածումը կանխելու նպատակով սա զրոյական նշանակութիւն ունի», – յայտարարեց խմբակցութեան ղեկավար էտմոն Մարուքեան։

Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պաթասեան մանրամասնեց, որ ստեղծուելիք կեդրոնը կը հաւաքագրուին բոլոր բաժանորդներու տուեալները, սակայն կը վերահսկուի վարակուածի եւ անոր հետ հաղորդակից եղած մարդոց տեղաշարժը։ Շեշտեց, որ հեռախօսազանքերու բովանդակութիւնը հասանելի չի դառնար։

Յատկապէս հեռախօսազանքերու ու նամակագրութիւններու շարժը հսկելը անհասկնալի էր նաեւ իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ։ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանն ալ մտահոգուած էր. – «Ինձ, օրինակ, գուցէ նաեւ գործընկերներիս հասկանալի չէ, թէ ինչ է տալու պետութեանը տուեալը, տեղեկատուութիւնը, թէ երկու մարդ` մէկը` Նորքի Մասիվից, մէկը` Հարաւ-արեւմտեան թաղամասից, երբ եւ քանի անգամ են իրար հետ հեռախօսով խօսել»:

Իշխող խմբակցութենէ, Առողջապահութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Նարեկ Զեյնալեանն ալ հարցեր ունէր։

«Վարակակիրի հետ հաղորդակիցները կարող են վարակուել խանութում, փողոցում, զանգերը դեռ միմեանց հետ շփուելու ցուցանիշ չեն», – ըսաւ պատգամաւորը:

Կառավարութեան այս նախագիծին ընդդիմադիր խմբակցութիւնները դէմ քուէարկեցին։ Նախագիծը ընդունուեցաւ միայն իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան ձայներով։ Կողմ էր 57 պատգամաւոր, դէմ՝ 24 եւ 1՝ ձեռնպահ։

«Լսելով մեր գործընկերների դիտարկումները, այդ թուում նաեւ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնից` «Իմ քայլը» խմբակցութիւնն ունի առաջարկներ կառավարութեանը, որ առաջինից երկրորդ ընթերցման ընթացքում կը ներկայացնի, մասնաւորապէս տուեալների ոչնչացման հետ կապուած, որ ամբողջութեամբ դրանք վերանան, նաեւ վերահսկողական լրացուցիչ գործիքներ ներդնելու հետ կապուած», – ըսաւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment