Home Uncategorized Աջակցութիւն կը Տրամադրուի Տարբեր Ոլորտներու Աշխատակիցներուն, Յղի Կանանց եւ Աշխատանքէն Ազատուածներուն

Աջակցութիւն կը Տրամադրուի Տարբեր Ոլորտներու Աշխատակիցներուն, Յղի Կանանց եւ Աշխատանքէն Ազատուածներուն

by MassisPost

Կառավարութեան 30 մարտի արտահերթ նիստը «Քորոնա» ժահրի հետեւանքներու չէզոքացման եւս 3 փաթեթ հաստատեց, աջակցելու 13 մարտէն սկսեալ առանց աշխատանքի մնացած մարդոց։ Առաջին ներկայացուած փաթեթը կը վերաբերի զբօսաշրջութեան ոլորտի աշխատողներուն։

«Միջոցառման շահառու են հանդիսանում Հայաստանի Հանրապետութեան այն քաղաքացիները կամ ֆիզիքական անձինք, ովքեր աշխատանքային պայմանագրի կամ աշխատանքի ընդունման մասին անհատական, իրաւական գործի հիման վրայ աշխատանքային յարաբերութիւնների մէջ են գտնուել մասնաւոր հատուածի գործատուի հետ անընդմէջ, առնուազն 20 թուականի Յունուարի 1-ից մինչեւ մարտի 13-ը ժամանակահատուածում, սակայն ազատուել են աշխատանքից 2020 թուականի մարտի 13-ից մինչեւ մարտի 30-ն ընկած ժամանակահատուածում»,- ներկայացուց աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Պաթոյեան:

Միանուագ ամսական աջակցութիւնը պիտի ըլլայ նուազագոյն աշխատավարձի չափով, որ կը տրուի որպէս նպաստ, առանց հարկի։ Աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարարութիւնը քանի մը օրէն կը գործարկէ հարթակ, ուր գրանցուելով, աշխատողները կրնան դիմել կառավարութեան, սակայն ամենայն հաւանականութեամբ դիմելու անհրաժեշտութիւն չըլլար:

«Պետական եկամուտների կոմիտէի  պահուստներում այդ անձանց տուեալներն արձանագրուած են, կարող է լինել այնպէս, որ մենք առանց նոյնիսկ յաւելեալ միջամտութեան այդ գումարներն ուղղակի ուղիղ փոխանցենք նրանց հաշիւներին, այսինքն` քարտերին, ուղղակի իրազեկենք, որ մարդիկ իմանան, որ իրենց հաշիւներին նստել է այդ գումարը», – բացատրեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Նախարար Զարուհի Պաթոյեան ներկայացուց աջակցութեան յաջորդ փաթեթը։ Միանուագ նպաստ կը ստանան նաեւ միայնակ յղի կանայք կամ անոնք, որոնց ամուսինները «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով կորսնցուցած են աշխատանքը։

Կառավարութեան ներկայացուած յաջորդ փաթեթը ամենամեծ թիւով շահառուները կ’ունենայ, առեւտուրի ոլորտի վարձու աշխատողները, որոնք ժամանակաւորապէս առանց աշխատանքի մնացած են, ինչպէս նաեւ անհատ ձեռնարկատէրեր։ Վարչապետ Փաշինեան, սակայն, կրկին շեշտեց, որ կառավարութիւնը կ’աջակցի գրանցուած աշխատողներուն, որոնց վերաբերեալ տեղեկութիւններ ունի։

«Ընդհանրապէս այս իրավիճակը մեզ պէտք է ցոյց տայ, որ բոլորը պէտք է հաշուառուեն, բոլոր աշխատողները, բոլոր ամբողջական աշխատավարձերը եւ այլն: Մենք չհաշուառուած դէպքերի յետեւից չենք կարող գնալ, որովհետեւ դա մութ անտառ է, որտեղ ոչ ոք չգիտի, թէ ինչ է տեղի ունենում», – նշեց Նիկոլ Փաշինեան:

Կառավարութեան նիստին յաջորդող ասուլիսին փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի  հարցուցին աշխատանքային պայմանագիրներ չունեցող հարիւրաւոր մարդոց մասին, որոնք արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն զրկուած են օրական եկամուտէն ։

«Շատ ենք մտածում այդ հարցի շուրջ: Կարծում եմ, որ ինչ-որ պահի ինչ-որ միջոցառում էլ հնարաւոր է իրականացուի, բայց այս պահի դրութեամբ նոյնականացման գործիքակազմ ուղղակի գոյութիւն չունի: Տեսնենք, հիմա քննարկումները շարունակուում են», – պատասխանեց փոխ վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment