Հայաստանի լաւագոյն շախմատի վարպետ եւ աշխարհի գաւաթակիր Լեւոն Արոնեանի կինը՝ Արիանա Կաոիլի Մարտ 30-ի երեկոյեան մահացած է Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
Արիանա Կաոիլի Մարտ 14-ի ուշ երեկոյեան ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած էր, երբ իր վարած մեքենայով, Սեբաստիա փողոցին վրայ զարնուած էր «Երեքնուկի» կամուրջի պեթոնէ յենասիւնին:
Վթարէն յետոյ «Աստղիկ» բժշկական կենտրոն տեղափոխուած Արիանա Կաոիլի կը գտնուէր վերակենդանացման բաժանմունքը՝ թոքերու հետ կապուած լուրջ խնդիրներով եւ ենթարկուած էր մի քանի վիրահատութեան:
33 ամեայ Արիանա Կաոիլի ազգութեամբ ֆիլիփինցի էր եւ իր կարգին շախմատի վարպետ: Ան Արոնեանի հետ ամուսնացած էր 2017-ին: