Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահր Հաստատուած Է եւս 2 Զինծառայողի, Ինչպէս Նաեւ Երկու Ամսական Երեխայի Եւ Անոր Մօր Մօտ

«Քորոնա» Ժահր Հաստատուած Է եւս 2 Զինծառայողի, Ինչպէս Նաեւ Երկու Ամսական Երեխայի Եւ Անոր Մօր Մօտ

by MassisPost

Հայաստան մինչեւ օրս «Քորոնա» ժահրի 329 դէպք գրանցուած է, հիւանդներէն 28-ը բուժուած են, մէկը` մահացած: Այս պահուն կը բուժուին 300 հոգի, վերջին տուեալները ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ընթացքին յայտարարեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, նաեւ ափսոսանք յայտնելով «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով առաջին մահուան դէպքի կապակցութեամբ ու ցաւակցութիւն յայտնելով մահացածի հարազատներուն:

«Նաեւ այդ դէպքն էլ ցոյց տուեց մեզ, որ հիմնականում բարդութիւններն առաջանում են հէնց մեր տարէց եւ քրոնիքական հիւանդութիւններ ունեցող քաղաքացիների մօտ, եւ շատ կարեւոր է յատկապէս նրանց պաշտպանութիւնը վարակի տարածումից», – նշեց նախարարը:

Ինչ կը վերաբերի հիւանդներու վիճակին, այս պահուն միայն մէկի վիճակը ծայրայեղ ծանր է. – «ունենք մէկ ծայրայեղ ծանր քաղաքացի, ում վիճակը շարունակում է մնալ այդպիսին, չկայ ո՛չ վատթարացում, ո՛չ լաւացում: Ունենք մէկ ծանր քաղաքացի, եւ մնացածի կեանքին այս պահի դրութեամբ որեւէ վտանգ չի սպառնում, ինչպէս նաեւ ունենք բազմաթիւ հիւանդների մեծ մասը առանց ախտանիշներու»:

Առողջապահութեան նախարարը նաեւ հաստատեց երկու ամսական երեխայի եւ անոր մօր վարակման դէպքը: Նախապէս Արսէն Թորոսեան հերքած էր դէպքի մասին տեղեկութիւնը. – «Ուզում եմ հաստատել, որ նման դէպք կայ, եւ կրկնում եմ, երէկ, երբ լրագրողներն ինձ հարց էին տալիս, ինձ պարզապէս դեռ չէին հասցրել զեկուցել այդ դէպքի մասին: Երեխան ընդհանրապէս ախտանիշներ չունի, մայրիկն է 2 օր ջերմել, եւ մայրիկն էլ այս պահին ախտանիշներ չունի: Նրանք երկուսն էլ գտնուում են հիւանդանոցում»:

Ներկայիս «Քորոնա» ժահրով վարակուած 300 քաղաքացիներէն 5-ը զինծառայողներ են: Այս մասին տեղեկացուց Պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ): Երէկ յայտնի դարձած էր երեք դէպքի մասին, որմէ յետոյ նմոյշ վերցուած էր 37 զինծառայողէ, եւ եւս երկուքին մօտ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահր: Անոնցմէ ոչ մէկը ունի թոքաբորբ, մէկին մօտ առկայ է թոյլ արտայայտուած ջերմութիւն, միւս 4 զինծառայողները հիւանդութիւնը բնորոշող ախտանիշներ չունին։ Զինծառայողներու հետ սերտ շփում ունեցածները կը շարունակեն մնալ մեկուսացուած յատուկ առանձնացուած տարածքի մէջ:

Այսօր Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան յատուկ պաշտպանիչ հագուստով այցելած է մեկուսացածները:

«Ուղղակի կանխարգելիչ միջոցառումներ են ժահրի տարածմանը չնպաստելու համար, նորմալ, այստեղ գտնուելը դեռ ոչ մի բան չի նշանակում: Մենք ցանկացած պահի պատրաստ ենք մեր առջեւ դրուած խնդիրները կատարելու», – ըսած են զինուորները:

Ինչ  կը վերաբերի «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման նպատակով մտցուած սահմանափակումներուն, արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեանի որոշումով մինչեւ 31 Մարտը ներառեալ, արգիլուած են   մարդատար  կառքերով (օդոպաս) ներմարզային, միջմարզային եւ միջպետական կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումները:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Արմէն Սիմոնեան նախապէս խօսած էր սպասուած սահմանափակումներու մասին:

«Այսօրուայ որոշմամբ ծրագրաւորուում է արգելել նաեւ ներմարզային ուղեւորափոխադրումները», – նշեց Սիմոնեան:

Օդային փոխադրումներու ոլորտէն ներս, այս պահուն կը գործէ 4 ռուսական եւ 1 պելառուսական ընկերութիւն. – «ուղեւորահոսքի մասով ասեմ` բաւականին ընկել է: Աւիացիայի ոլորտում եթէ Մարտի 8-ի դրութեամբ ունէինք օրական 6 հազար ուղեւոր, այսօրուայ դրութեամբ մօտ 800 ուղեւոր է մնացել»:

Երկաթուղին կ’աշխատի, բացի Երեւան-Գիւմրի արագընթաց գնացքէն. – «Այսօրուանից սկսած արագընթաց գնացքի աշխատանքը Երեւան-Գիւմրի, որը քանի որ ուղեւորահոսք ընդհանրապէս չկայ, դադարեցուում է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment