Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրի 16 Նոր Դէպք, Իսկ Վարակակիրներու Ընդհանուր Թիւն է՝ 265

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրի 16 Նոր Դէպք, Իսկ Վարակակիրներու Ընդհանուր Թիւն է՝ 265

by MassisPost

Հայաստան «Քորոնա» ժահրի դէպքերը հասան 265-ի, 24 Մարտի ժամը 9-ի դրութեամբ այն 249 էր: Այս մասին կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի պաշտօնական կայքէջը:

Բուժուած է 16 անձ, իսկ 1315 քննութիւններու արդիւնքները բացասական եղած են:

Յիշեցնենք, որ խստացած է 16 Մարտին սահմանուած արտակարգ դրութիւնը երկրին մէջ. սահմանափակուած է մարդոց ազատ տեղաշարժը: Բացառութիւն կը կազմեն հրամանատարի որոշումով սահմանուած բացառիկ դէպքերը, օրինակ` այցելութիւններ մթերային խանութներ, դեղատուներ, խնամքի կարիք ունեցող մարդոց, հոգեհանգստի արարողութիւններ:

Դուրս կարելի է գալ նաեւ օրական մէկ անգամ, միայնակ, մարզանքի համար: Անձնական ինքնաշարժներով կը թոյլատրուի առաւելագոյնը 2 անձի, ներառեալ վարորդի տեղափոխումը: Որեւէ անձ ամէն անգամ տունէն դուրս ելլելէն առաջ պարտաւոր է լրացնել արտակարգ դրութեան ժամանակահատուածի եատուկ տեղաշարժի թերթիկ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment