Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Կ’աջակցի Համաշխարհային Հրադադարի Կոչին. Արտաքին Գործոց Նախարարը Արձագանգած Է Կութերեսին

Հայաստան Կ’աջակցի Համաշխարհային Հրադադարի Կոչին. Արտաքին Գործոց Նախարարը Արձագանգած Է Կութերեսին

by MassisPost

Հայաստանը լիակատար աջակցութիւն կը եայտնէ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Մակ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթօնիօ Կութերեսի աշխարհի բոլոր անկիւններու համաշխարհային հրադադարի կոչին: Այս մասին «թուիթըր»-ին վրայ գրառում կատարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

«հայաստանը լիակատար աջակցութիւն է յայտնում Մակ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Կութիերեսի կոչին՝ մինչ ողջ մարդկութիւնը պայքարում է ընդդէմ ընդհանուր թշնամու՝ COVID-19-ի, աշխարհի բոլոր անկիւններում հաստատել համաշխարհային հրադադար»,- գրած է Մնացականեան:

Կութիերես իր տեսաուղերձով մասնաւորապէս ըսած էր, որ ժամանակն է զինուած բախումները դնել մէկ կողմ եւ միասին կեդրոնանալ յանուն կեանքի իրական պայքարի վրայ՝ Covid-19 համաճարակի դէմ: Ան նկատած էր, որ ժահրը հաշուի չառնէր ցեղային, ազգային կամ այլ պատկանելիութիւն: Ան կը եարձակի բոլորին վրայ անողոքաբար:

«մինչդեռ աշխարհի մէջ զինուած հակամարտութիւններ կը տիրէն: Աւելի խոցելիները` կանայք, երեխաները, հաշմանդամութիւն ունեցող մարդիկ կը վճարեն ամենաբարձր գինը: Անոնք «քորոնայ» ժահրի ամենամեծ վտանգին տակն են: Չմոռնանք, որ պատերազմէն տուժած երկիրներուն մէջ, առողջապահական համակարգերը փլուզած են: Փախստակնները, տեղահանուած մարդիկ կրկնակի խոցելի են: Վերջ տուէք պատերազմին եւ եկէք պայքարինք այն հիւանդութեան դէմ, որ կը փճացնէ մեր աշխարհը: Այդ իսկ պատճառով ես այսօր կոչ կ’ուղղեմ անյապաղօրէն համաշխարհային հրադադար հաստատել աշխարհի բոլոր անկիւնները»,- ըսած է Կութերես:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment