Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Հետախուզում Յայտարարած Է Գագիկ Բեկլարեանի Նկատմամբ

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Հետախուզում Յայտարարած Է Գագիկ Բեկլարեանի Նկատմամբ

by MassisPost

Երեւանի նախկին քաղաքապետ, ՀՀԿ (Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան) նախկին անդամ Գագիկ Բեկլարեանի նկատմամբ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հետախուզում յայտարարած է, զինք մեղադրեալ ներգրաւելով Հայաստանին պատկանող առանձնապէս խոշոր չափերով, աւելի քան 230 միլիոն դրամ արժողութեամբ անշարժ գոյքը յափշտակելու համար։

Ըստ Աած-ի, միեւնոյն ժամանակ դատարանը որոշած է կալանաւորել Բեկլարեանը։ Նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեան Հայաստան չէ։

Խօսքը մայրաքաղաքի Թամանեան փողոց գտնուող մանկապարտէզի մասին է։ Ըստ ԱԱԾ-ի, 25 Դեկտեմբեր,  2008-ին, երբ Բեկլարեանը գրաւած էր կեդրոնի թաղապետի պաշտօնը, ապահոուած է համայնքային ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն հանդիսացող մանկապարտէզի վերակազմակերպման եւ այլ մանկապարտէզին միացման գործընթացը։ Ապա  16 Մարտ, 2009-ին, ստանձնելով Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը, յանցաւոր մտադրութիւնը աւարտին հասցնելու նպատակով, իր որոշումով փոփոխած է անոր աւելի քան 200 քառակուսի մեթր մակերեսով տարածքի գործառնական նշանակութիւնը եւ զայն ընդգրկած է ոչ բնակելի  հատուածին մէջ, որպէս հասարակական սպասարկման տարածք։ Անկէ յետոյ, այդ անշարժ գոյքը ակնյայտ անհամարժէք հատուցմամբ, ընդամէնը աւելի քան 23 միլիոն դրամով փոխանցուած է, իսկ 2 Փէտրուար, 2011-ին առուվաճառքի պայմանագիրով 24 միլիոն դրամով գրանցուած է Բեկլարեանի հօր անունով, այնուհետեւ, կտակի ժառանգութեան իրաւունքի վկայագիրի համաձայն՝ վերագրանցուած է, որպէս Բեկլարեանի սեփականութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment