Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանրաքուէի Վերաբերեալ Բոլոր Գործընթացները Դադրած Են

Հանրաքուէի Վերաբերեալ Բոլոր Գործընթացները Դադրած Են

by MassisPost

Հայաստանի Սահմանադրութեան 208-րդ յօդուածը կը սահմանէ, որ ռազմական կամ արտակարգ դրութեան ժամանակ հանրաքուէ տեղի ունենալը արգիլուած է:

«Հանրաքուէի մասին» օրէնքի 12-րդ յօդուածն ալ կը սահմանէ, որ ռազմական կամ արտակարգ դրութեան պատճառով տեղի չունեցած հանրաքուէն տեղը կ’ունենայ ռազմական կամ արտակարգ դրութեան աւարտէն ոչ շուտ, քան 50 եւ ոչ ուշ, քան 65 օր յետոյ: Ընդ որում, ըստ օրէնքի, Հանրապետութեան նախագահը հանրաքուէն կը նշանակէ ռազմական կամ արտակարգ դրութեան աւարտէն յետոյ եռօրեայ ժամկէտով:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, հիմք ընդունելով Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին կառավարութեան որոշումը, կը տեղեկացնէ, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի նախապատրաստման եւ կայացման նպատակով կատարուած բոլոր աշխատանքները, գործընթացները եւ միջոցառումները կը դադրին գործընթացի բոլոր մասնակիցներուն կողմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment