Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱԽ Կը Միանայ ԱՄՆ Գոնկրէսականներու Պահանջին` 100 Միլիոն Տոլար Տրամադրելու Հայաստանին եւ, 1.5 Միլիոն՝ Արցախին

ՀԱԽ Կը Միանայ ԱՄՆ Գոնկրէսականներու Պահանջին` 100 Միլիոն Տոլար Տրամադրելու Հայաստանին եւ, 1.5 Միլիոն՝ Արցախին

by MassisPost

ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) միացած է Ամերիկեան Գոնկրէսի 75 անդամներուն, որոնք նամակ յղած են Ներկայացուցիչներու Տան Յատկացումներու Յանձնաժողովի արտաքին գործառնութիւններու ենթայանձնաժողովին, պահանջելով 100 միլիոն տոլար տրամադրելու Հայաստանին եւ 1,5 միլիոն տոլար՝ Արցախին:

Հայաստանի համար նշուած 100 միլիոն տոլարը պէտք է ուղղուի տնտեսական, կառավարման, օրէնքի գերակայութեան եւ անվտանգութեան աջակցութեան:

Արցախի համար 1,5 միլիոն տոլարի աջակցութեան հետ կապուած կը նշուի, որ այն պէտք է նախատեսուի ականազերծման եւ ականի պայթումէն տուժածներու վերականգնողական աշխատանքներուն համար:
Նամակին մէջ կոչ կ՛ուղղուի կասեցնելու ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, քանի դեռ ան չէ դադրեցուցած Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակումները:

ՀԱԽ-ի կողմէ նոյն Յանձնաժողովին ուղղուած նամակին մէջ կը շեշտուի որ, Հայաստանի ժողովուրդը ոտքի կանգնելով տէր դարձան իրենց ճակատագրին ու այժմ նոր ճանապարհ բռնած են՝ աւելի խաղաղ, աւելի ժողովրդավար եւ աւելի բազմակարծիք:

«ՄԻնչ Հայաստան եւ Արցախ զարգացման ճանապարհին են, Ատրպէյճան իր ձախողած ընտրութիւնները, քարիւղի գինի անկումը, դրամատուներու մօտ ստեղծուած խուճապը եւ ներքին բողոքներու դէմ ճնշումները քողարկելու նպատակով կը դիմէ Հակահայկական արշաւի եւ իր դրացի երկրին դէմ բռնութիւններու», այս առթիւ յայտարարեց Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment