Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Արտաքին Գերատեսչութիւնը Հրապարակած Է Հայաստանի Մասին Զեկոյցը

ԱՄՆ Արտաքին Գերատեսչութիւնը Հրապարակած Է Հայաստանի Մասին Զեկոյցը

by MassisPost

2019 թուականին Հայաստանի կառավարութիւնը քայլեր ձեռնարկած է ոչ միայն նախկին իշխանութիւններուն, այլեւ իր օրօք պաշտօնեաներու ու իրաւապահներու ենթադրեալ չարաշահումները հետաքննելու եւ մեղաւորներուն պատժելու ուղղութեամբ, ըսած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գերատեսչութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած հերթական տարեկան զեկոյցը: Որպէս ըսուածին ապացոյց, Ամերիկայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը վկայաբերած է բարձրաստիճաններու նկատմամբ անցեալ տարի սկսուած քրէական գործերն ու դատավարութիւնները:

«Սեպտեմբերի 12-ին մեկնարկեց նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաների դատաքննութիւնը` պարզելու նրանց ենթադրեալ մասնակցութիւնը 2008-ի նախագահական ընտրութիւններից յետոյ բանակը ցուցարարների դէմ հանելու գործում։ Առաջադրուած են մի շարք մեղադրանքներ` սահմանադրական կարգի տապալումից մինչեւ քորուփցիա եւ Մարտի 1-ի գործով ձեռք բերուած ապացոյցների կեղծում», – կը նշէ Արտաքին գերատեսուչը, թուարկելով գործով անցնող բարձրաստիճան պաշտօնեաներու անունները, նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ:

Փաստելով, որ նոր կառավարութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ մեղաւորներուն պատասխանատուութեան ենթարկելու համար, Արտաքին Գերատեսչութիւնը միաժամանակ մեջբերած է Եւրախորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունեա Միյատովիչի արձագանգը. – «Այդ քայլերը պէտք է արուեն զգոյշ եւ խստօրէն համապատասխանեն օրէնքի գերակայութեանը, դատարանների անկախութեանը, թափանցիկութեանը՝ խուսափելու հնարաւոր վրէժխնդրութեան կամ ընտրովի արդարադատութեան մեղադրանքներից»:

Ամերիկայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը միաժամանակ կը նշէ, որ 2008-ի ողբերգական իրադարձութիւններէն աւելի քան մէկ տասնամեակ անց, 2019-ի Յունիսին, Հայաստանի խորհրդարանը օրէնք ընդունեց 1 Մարտի տուժածներուն աջակցութիւն տրամադրելու մասին, կառավարութիւնն ալ այդ նպատակով 720 միլիոն դրամ, 1,5 միլիոն տոլար յատկացուց:

Անդրադառնալով անցեալ տարուայ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս արձանագրուած խախտումներուն, Արտաքին Գերատեսչութիւնը  յատուկ առանձնացուցած է դատական համակարգի անկատարութիւնը, ընդգծելով` էական խնդիրներ կան արդարադատութեան անկախութեան հետ կապուած: «Թէեւ օրէնքը երաշխաւորում է արդարադատութեան անկախութիւնը, համակարգը հիմնականում իրեն անկախ ու անաչառ չի դրսեւորում», – կը փաստէ Արտաքին Գերատեսչութիւնը, աւելցնելով որ 2018-ի իշխանափոխութենէն յետոյ ալ, դատաւորներու նկատմամբ համատարած անվստահութիւն կը տիրէ, հասարակական կազմակերպութիւններն ալ կը նշեն, որ դատական համակարգի մէջ կան շատ պաշտօնեաներ, որոնք ծառայած են նախորդ իշխանութիւններուն, դատաւորներու կաշառակերութիւնն ալ կը մնայ մտահոգութեան առարկայ:

Զեկոյցը կը յիշեցնէ նաեւ դատարաններու դռները արգելափակելու, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մայիսեան կոչը, հաստատելով, թէ այդ ակնյայտօրէն արձագանգ էր նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին կալանքէն ազատելու, Երեւանի առաջին ատեանի դատարանի որոշման: «Որոշ դիտորդներ այդ քայլը գնահատեցին որպէս ճնշում դատական համակարգի նկատմամբ», – կը նշէ զեկոյցը:

Խօսելով դատական համակարգի մասին, Ամերիկայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը կը փաստէ, որ 2018-ի յեղափոխութենէն յետոյ ընդդիմադիր շարք մը գործիչներ ազատ արձակուած են նախնական կալանքէն, ակնարկելով թերեւս «Սասնայ ծռեր»-ի, Վահան Շիրխանեանի ու միւսներու դէպքերուն: «Իրաւապաշտպանների խօսքով՝ նրանց քրէական գործերում հանգամանքներ չեն փոխուել, ինչը վկայում է, որ մինչ թաւշեայ յեղափոխութիւնը դատաւորները նրանց գրաւի դիմաց ազատ չէին արձակում եւ պահում էին կալանքի տակ քաղաքական շարժառիթներով», – կը նշէ զեկոյցը:

Դատական համակարգը քննադատութեան արժանացած է նաեւ կասկածեալներուն համատարած նախնական կալանքի դատապարտելու հին աւանդոյթը լայնօրէն կիրառելու եւ առանց յստակ հիմքերու կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու համար։ «Երկարատեւ ազատազրկումը շարունակուում է մնալ յարատեւ խնդիր Հայաստանում», – պնդում է կը հաստատէ Արտաքին Գերատեսչութիւնը մէջբերելով կառավարութեան վիճակագրութիւնը, ըստ որու, 1 Հոկտեմբերի դրութեամբ բանտերը պահուածներուն 45 տոկոսը անազատութեան մէջ է առանց վերջնական դատավճիռի:

Կը շարունակուի խնդրայարոյց մնալ նաեւ իրավիճակը ոստիկանական բաժանմունքներու ու քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ։ «Իրաւապաշտպանները պնդում են` հանգամանքը, որ ոստիկանները անցեալում իրենց չարաշահումների ու կտտանքների համար անպատիժ են մնացել, նպաստել է, որ նմանատիպ դէպքերը շարունակուեն, թէեւ թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ դրանց թիւը նուազել է», – կը նշէ Ամերիկայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը, աւելցնելով, որ դիտորդները ՚կը հաստատեն, որ անցեալին տեղի ունեցած այդ յանցանքներու համար մեղաւորները անպատիժ կը մնան, քանի որ յեղափոխութենէն յետոյ իրաւապահ համակարգին մէջ միայն ղեկավարութիւնը փոխուած է, հիմնական կազմը, սակայն, մնացած է նոյնը:

Բանտերը դիտորդութիւն կատարող փորձագէտներն ալ իրենց հերթին նշած են, որ այս ոլորտի կաշառակերութիւնը վերացնելու քաղաքական կամքը ամենաբարձր աստիճանի վրայ է հիմա, սակայն այն դեռեւս չէ վերածուած օրէնքի փոփոխութեան:

Ի դէպ, քորուփցիայի մասին. Արտաքին Գերատեսչութիւնը կը փաստէ, որ ժամանակին, Հայաստանը յայտնի էր բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, անոնց կարգին, շինարարութիւն, հանքարդիւնաբերութիւն, խորհրդարան ու դատական համակարգ,  առկայ համատարած քորուփցիայով: «Տեւական ժամանակ մեղադրանքներ էին հնչում պետական միջոցները իւրացնելու, պաշտօնեաների կասկածելի պիզնէս գործունէութեան ու կառավարութեան հետ կապեր ունեցող ընկերութիւններին տրուած մաքսային ու հարկային արտօնութիւնների վերաբերեալ», – կը փաստէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը, ընդգծելով, թէ թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ, պետական կառոյցներու ու նախարարութիւններու մէջ քրէական գործեր յարուցուած են, ըստ դատախազութեան, 13 ամսուայ ընթացքին, իրաւապահները 110.5 միլիառ դրամի, մօտ 230 միլիոն տոլարի իւրացման, յափշտակութեան ու պաշտօնական դիրքի չարաշահման դէպքեր յայտնաբերած են, պիւտճէ վերադարձուած է 30 միլիառ դրամ, մօտ 63 միլիոն տոլար:

«Որոշ նախկին պաշտօնեաներ պատրաստակամութիւն են յայտնել պետութեանը փոխանցել իրենց սեփականութիւնը՝ թերեւս քրէական հետապնդումից խուսափելու համար», – կը փաստէ զեկոյցը, մէջբերելով իրաւապաշտպաններու մտահոգութիւնը, թէ անհրաժեշտ է, որ կառավարութիւնը առաւել թափանցիկ ներկայացնէ այդ պաշտօնեաներու հետ իր բանակցութիւններն ու քորուփցիայի դէմ պայքարը դարձնէ աւելի համակարգուած:

Խօսելով բացթողումներու մասին` Արտաքին Գերատեսչութիւնը կը նշէ, որ անցեալ տարի, լրատուամիջոցներու հաղորդումներ եղած են, թէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը լիակատար տեղեկատուութիւն չի տրամադրեր բանակի ոչ մարտական պայմաններու մէջ արձանագրուած մահուան դէպքերու վերաբերեալ, քննութիւնն ալ անոնց մեծ մասը կ’որակաւորէ որպէս անձնասպանութիւն, ինչ որ հարազատներէն շատեր զայն կասկածի տակ կը դնեն: Միաժամանակ, կը նշուի, որ ըստ իրաւապաշտպաններու, անցեալ տարի նախարարութիւնը առաջին անգամ ըլլալով բանակի  մէջ, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը դասած է իր առաջնահերթութիւններուն մէջ, վստահութեան գիծ ստեղծած է, որմով զինուորները կրնան իրենց բողոքները յայտնել, աջակցութիւն խնդրել կամ առաջարկներ ներկայացնել:

Դիտողութիւններ կան նաեւ լրատուական դաշտի վերաբերեալ. Արտաքին Գերատեսչութիւնը կը նշէ, որ թէեւ թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ ազատութիւնը աւելցած է, այդուամենայնիւ, պնդումներ կան, որ որոշ լրատուամիջոցներ կը խուսափին իշխանութիւններուն քննադատելէ, որպէսզի հակայեղափոխական չ’երեւին: «Հանրային հեռուստատեսութիւնը, ըստ իրաւապաշտպանների, շարունակում է լուրերը ներկայացնել կառավարամէտ տեսանկիւնից», – կը նշէ զեկոյցը, միաժամանակ աւելցնելով, թէ թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ հանրային հեռուստատեսութիւնը աւելի բազմազան թեմաներ կը լուսաբանէ, առաւել բաց է ու հասանելի նաեւ ընդդիմութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment