Home ՍՓԻՒՌՔ ՀՄՄ-ի Պատուիրակութեան Հանդիպումները Ուրուկուայի ՄԷջ

ՀՄՄ-ի Պատուիրակութեան Հանդիպումները Ուրուկուայի ՄԷջ

by MassisPost

Հայ Մարմնամարզական Միութեան (ՀՄՄ) Քալիֆորնիոյ վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Վարդան Քոճապապեանի, անցեալ շաբթուայ ընթացքին աշխատանքային այցելութիւն կատարեցին Ուրուկուայի մայրաքաղաք՝ ՄոդեվիտԷօ:

ՀՄՄ-ի պատուիրակութիւնը ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեանի հէտ

ՀՄՄ-ի պատուիրակութիւնը ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեանի հէտ

Ժամանումին առթիւ ՀՄՄ-ական ընկերներուն ի պատիւ տեղի ունեցաւ ընթրիք ՍԴՀԿ-ի կեդրոնէն ներս:
Յաջորդող օրերուն, պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Ուրուկուայի Օրէնսդիր Պալատ ու հանդիպումներ ունեցան ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեանի եւ պատգամաւոր Պետրոս ժեստանեանի հետ:

Ապա պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ առողջապահութեան փոխնախարար Խոսէ Սաչեանի կողմէ:
Կանանց միջազգային օրուան առթիւ անոնք մասնակցեցան կանանց իրաւունքներուն նուիրուած համերգին, ուր ելոյթ ունեցան հայ արուեստագէտներ Ալվարօ եւ Նադալիա Յակոբեանները:

ՀՄՄ-ի պատուիրակութիւնը պատգամաւոր Պետրոս ժեստանեանի հէտ

ՀՄՄ-ի պատուիրակութիւնը պատգամաւոր Պետրոս ժեստանեանի հէտ

Համերգէն ետք ՀՄՄ-ի վարչականները առիթը ունեցան տեսակցելու միջոցառումը նախագահող՝ Ուրուկուայի փոխնախագահ Պեադրիս Արխիմոնի հետ:

Բոլոր հանդիպումներու ընթացքին ՀՄՄ-ի վարչականները տեղեկութիւններ տուին սփիւռքի տարածքին միութեան գործունէութեան մասին ու նաեւ անդրադարձան Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերուն: Անդրադարձան նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի սահմանին կատարուող յարձակումներուն:
Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Ուրուկուայի պետութեան, որ առաջին երկիրը եղաւ որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

ՀՄՄ-ի պատուիրակութիւնը Ուրուկուայի փոխնախագահ Պեադրիս Արխիմոնի հէտ

ՀՄՄ-ի պատուիրակութիւնը Ուրուկուայի փոխնախագահ Պեադրիս Արխիմոնի հէտ

Կիրակի օրը, անոնք ներկայ գտնուեցան Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ պատարագին, որու աւարտին հանդիպում ունեցան առաջնորդ Տ. Յակոբ Արք. Գելլենտճեանին հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment