Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած Է Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Շարլ Միշելին Հետ

Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած Է Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Շարլ Միշելին Հետ

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրը նաեւ պաշտօնական արարողակարգերուն մէջ փոփոխութիւն մտցուցած է. Նիկոլ Փաշինեանի այցը Պելճիքայի Թագաւորութիւն առանց ձեռքսեղմումներու սկսած է։

Առաջինը, Հայաստանի վարչապետը Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշելին կը հանդիպի։ Քանի մը վայրկեան նկարուելէ ետք, տեսանկարահանելու համար կը փակուի Փաշինեան-Միշել առանձնազրոյցը։ Վարչապետը իր «Ֆէյսպուք»եան էջին վրայ գրած է, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի հետ կը քննարկեն Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հետագայ քայլերը։

Փաշինեան Եւրոպական միութեան մայրաքաղաքը պիտի հանդիպի նաեւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ՝ Տոնալտ Թուսքի հետ։ Արդեօ՞ք հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան, Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) անդամակցութեան հարցը, իշխանական կուսակցութենէն դեռ չեն յստակացուցած:

«Քաղաքացիական պայմանագիր»  (ՔՊ) վարչութեան անդամ, Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Ռուբէն Ռուբինեան այդ հարցին այսպիսի պատասխան տուած է.- «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն ներկայ պահու դրութեամբ որեւէ եւրոպական կուսակցական կառոյցի անդամակցելու դիմում չէ ներկայացուցած։

«Եթէ նկատի ունէք՝ արդեօ՞ք ինչ-որ դիմում կայ անդամակցութեան այս պահի դրութեամբ, ոչ», – ըսաւ Ռուբինեան։

Փաշինեան կը հանդիպի նաեւ Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ՝ Ժոզէֆ Պորելի հետ։

Իսկ թէ ի՞նչ օրակարգով վարչապետը կը գտնուի Եւրոպական միութեան մայրաքաղաք, իշխող ուժէն Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան կարճ պատասխանեց. «Ընդհանուր մեր օրակարգը Եւրամիութեան հետ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններու միջեւ համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment