Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանեան Պատմամշակութային Նշանակութեան Շէնքը Վաճառուած Է Օֆշորային Ընկերութեան Մը

Երեւանեան Պատմամշակութային Նշանակութեան Շէնքը Վաճառուած Է Օֆշորային Ընկերութեան Մը

by MassisPost

Երեւանի Աբովեան 3 հասցէի վրայ գտնուող պատմամշակութային նշանակութեան շէնքը վաճառուած է օֆշորային ընկերութեան, կը յայտնէ ոստիկանութիւնը:

2001 թուականին Անշարժ գոյքի քաթաստրի պետական կոմիտէի «Կեդրոն» տարածքային ստորաբաժանման պաշտօնատար անձինք, կեղծիք կատարելով, շէնքը գրանցած են որպէս հասարակական կազմակերպութեան (ՀԿ) սեփականութիւն, որմէ ետք այդ ՀԿ խորհուրդի ղեկավարը, որ նաեւ Մշակոյթի նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար անձ եղած է, անտեսելով, որ շէնքն ընդգրկուած է պատմամշակութային յուշարձաններու ցանկին մէջ, պաշտօնէական դիրքն օգտագործած է ծառայութեան շահերուն հակառակ։

2007-ին շէնքի եւ հողամասի մէկ հատուածը ՀԿ-ն 28 միլիոն 800 հազար դրամով օտարած է սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան մը՝ խախտելով Երեւանի քաղաքապետի որոշման հիման վրայ կնքուած պայմանագրի դրոյթները, իսկ այդ ընկերութիւնն ալ իրականացուցած է պատմամշակութային յուշարձանի քանդման աշխատանքներ․ շէնքի հիւսիսային հատուածը քանդուած է, որոշ պատուհաններ լցափակուած են։

Հասարակական կազմակերպութեան նախագահի կողմէ 2012 թուականին ընկերութեան 100 տոկոս բաժնեմասը 550 հազար տոլարով ձեւական գործարքի հետեւանքով օտարուած է բրիտանական Վիրճինեան կղզիներուն մէջ գրանցուած օֆշորային ընկերութիւններէն մէկուն, որուն տնօրէնը հանդիսացած է Մշակոյթի նախարարութեան նոյն բարձրաստիճան պաշտօնեայի որդիի կինը։ Այնուհետեւ ձեւական գործարքներու միջոցով նշուած 100 տոկոս բաժնեմասի 50 տոկոսն անցած է հասարակական կազմակերպութեան նախագահին, 25 տոկոսը՝ յիշեալ ընկերութեան տնօրէնի մօր, իսկ միւս 25 տոկոսը մնացած է օֆշորային ընկերութեան։

Այս ապօրինութիւններու հետեւանքով պետութեան պատճառուած է առանձնապէս խոշոր չափերու՝ 201 միլիոն դրամի վնաս։ Յարուցուած է քրէական գործ, որ ուղարկուած է Քննչական կոմիտէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment