Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Կարեւորած Է ՀԱՊԿ-ի Դերը Տարածաշրջանին Մէջ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Կարեւորած Է ՀԱՊԿ-ի Դերը Տարածաշրջանին Մէջ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւորած է կազմակերպութեան դերը տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման գործին վերաբերեալ։

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնած է, որ Փաշինեանն ըսած է. «Մենք պէտք է մեր գործունէութեամբ շարունակենք հետեւողական քայլերը կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ»:

Հայաստանի Կառավարութեան ղեկավարն ընդգծած է համաշխարհային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ուղղութեամբ սերտ համագործակցութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ Սթանիսլաւ Զասի պաշտօնավարման ընթացքին հնարաւոր կ’ըլլայ հասնիլ առկայ տարբեր խնդիրներու լուծման:

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը վարչապետին ներկայացուցած է կազմակերպութեան շրջածիրէն ներս յառաջիկային նախանշուած ծրագրերն ու առաջնահերթութիւնները, այդ շարքին՝ համատեղ զօրավարժութիւններու կայացման, միջազգային այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան ուղղութեամբ:

Հանդիպմանն անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայրենական Մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային նշանակութեան շարք մը այլ հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment