Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մնացականեանն ու Լաւրովը Անդրադարձած են ԼՂ Խաղաղ Գործընթացին

Մնացականեանն ու Լաւրովը Անդրադարձած են ԼՂ Խաղաղ Գործընթացին

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը Ժընեւի մէջ հանդիպած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովին, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը:

Մնացականեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Լաւրովին հանդիպելու եւ որոշ «հիմնական հարցեր» քննարկելու հնարաւորութեան համար:

Աւելի ուշ Հայաստանի ԱԳՆ-էն տեղեկացուցած են, որ հանդիպման ընթացքին քննարկած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ, տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապութեան շարք մը հարցեր, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներ:

ԱԳ նախարարները անդրադարձ կատարած են նաեւ ԼՂ խաղաղ գործընթացին:

Նախարարներու նախորդ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Նոյեմբերին Լաւրովի Երեւան այցի ընթացքին:

Նախարարները կը մասնակցին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակով հանդիպման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment