Home ՄԱՐԶԱԿԱՆ Ամերիկահայ Մարզիկը ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստացած Է Ու Կրնայ Մասնակցիլ Թոքիօ-2020-ին

Ամերիկահայ Մարզիկը ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստացած Է Ու Կրնայ Մասնակցիլ Թոքիօ-2020-ին

by MassisPost

Allison Halverson passport«Ես պաշտօնապէս Հայաստանի քաղաքացի եմ: Սա իմ հպարտանալիք նուաճումներէն է, յաղթանակներէս մէկն է»,- Ինսթակրամի իր էջին գրած է ԱՄՆ-ն ներկայացնող հայազգի  թեթեւ վազքի (աթլեթ) Ալիսըն Հալուըրսընը։

Այսպիսով տեղեկացնելով, որ ինք ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է, ու, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ներկայացնէ մեր երկիրը Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերուն: Ան նաեւ լուսանկարներ հրապարակած է հայկական անձնագրով։

Ալիսըն նաեւ պատմական ակնարկ ըրած է. «Աւելի քան 100 տարի առաջ իմ նախնիները աշխարհի վրայ պատահած ամենադժուար ժամանակները ապրած են, ատոր մէջէն անցած են … անոնցմէ շատերը իրենց կեանքը կորսնցուցած են, բայց պապիկս դժուարութեամբ կրցած է փրկուիլ Հայոց Ցեղասպանութենէն։ Ան աղջկայ զգեստ  հագած  նաւով հասած է  Էլիս կղզի: Առանց իմ նախնիներու զոհողութիւններուն ու քաջութեան` ես այսօր այստեղ չէի ըլլար: Ես սիրահարուած եմ այս հրաշալի, գեղեցիկ, հիւրընկալ եւ զօրաւոր երկրին ու անհամբերութեամբ կը սպասում տեսնելու, թէ ապագան ինչ պատրաստած է ինծի եւ Հայաստանի համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment