Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ս.Դ.Հ.Կ. Կը Մասնակցի Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Չորրորդ Համագումարին Անգարայի Մէջ

Ս.Դ.Հ.Կ. Կը Մասնակցի Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Չորրորդ Համագումարին Անգարայի Մէջ

by MassisPost

Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (ԺԺԿ) հերթական չորրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Անգարայի մարզական սրահին մէջ, 23 Փետրուար 2020-ին, «Մենք Դէպի Ապագայ Կ՛երթանք» կարգախօսով եւ աւելի քան 20.000 մասնակիցներու ներկայութեան:

HDP-Assembly2

Համագումարին կը մասնակցէին բազմաթիւ հիւրեր Թուրքիայէն եւ արտերկրէն: Արտասահմանցի հիւրերը եկած էին 28 տարբեր երկիրներէ, որոնց շարքին էր նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, որուն ներկայացուցիչն էր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանը: Ըստ տուեալներու, այս տարուան արտասահմանեան մասնակցութիւնը կը համարուի մինչ այժմ տեղի ունեցած համագումարներու ամենամեծ պատուիրակութիւնը:

Այս համագումարը, որուն կը մասնակցին 1018 պատուիրակներ, կը տեւէ մէկ օր, ուր կ՛ընտրուին ԺԺԿ-ի համանախագահները, լիազօր մարմինները, Կեդրոնական Խորհուրդը եւ այլ ղեկավար մարմիններ:

Համագումարի դիւանի չորս հոգինոց կազմին մաս կը կազմէր հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը: Դիւանին համանախագահներ ընտրուեցան Ատանայի արաբ երեսփոխա նուհի Թիւլայ Հաթիմօղուլլարը եւ Մեհմեթ Ռիւշտիւ Թիրյակին, որիր խօսքին մէջ ըսաւ՝ «լուծումը ժողովրդավարութեան ուժի մէջ է»: Հաթիմօղուլլարը, իր կարգին, ըսաւ. «Այս կուսակցութիւնը Մահիր Սայիններու… Իպրահիմ Քայփաքքայաններու եւ Փարամազներու կուսակցութիւնն է…: Մենք մեր համագումարը կ՛անցընենք այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ ազատութիւններն ու մարդու իրաւունքները կ՛ոտնահարուին: Աղքատութիւնը կը խորանայ: Կանանց նկատմամբ բռնութիւնները կը մեծնան…»:

HDP-New-Co-Chairs

ԹԷՄԷԼԼԻ. «21-ՐԴ ԴԱՐԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒ ԴԱՐ»
Ապա ելոյթ ունեցաւ շրջանաւարտ համանախագահ Սէզայի Թէմէլլի, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «21-րդ դարը պիտի ըլլայ քիւրտերուն դարը», ապա շարունակեց՝ ըսելով. «Մենք պիտի փրկենք մեր ժողովուրդները Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան եւ անոր դաշնակից Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան ֆաշիզմէն եւ հանդէս պիտի գանք որպէս երրորդ ճանապարհ: Մենք ժողովրդավարութեան իշխանութիւնը կազմակերպելու պատմական պատասխանատուութիւնը կրողներն ենք»:

ՓԷՐՈՒԻՆ ՊՈՒԼՏԱՆ. «ՄԵՆՔ ԵԿԱԾ ԵՆՔ ԵՐԿԻՐԸ ԿԱՌԱՎԱՐԵԼՈՒ»
Շրջանաւարտ համանախագահուհի Փէրուին Պուլտան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Քանի դեռ մենք կը շարունակենք պահպանել խաղաղութեան հասարակութեան պայմանագիրը, ԱԶԿ-ն եւ ԱՇԿ-ն պիտի չհասնին իրենց նպատակին: Հաւատացէք, որ անոնք առաջին ընտրութիւններէն դուրս պիտի գան իշխանութենէն…: Անոնք լաւ գիտեն, մենք այլ վայրերէ չէնք եկած այս երկիրը: Մենք այստեղ էինք նախապատմական ժամանակաշրջանին, այստեղ պիտի մնանք յաւիտեան մեր լեզուով եւ մշակոյթով:

Ապա, համագումարը ընտրեց յառաջիկայ երկու տարիներու համանախագահները: Փէրուին Պուլտան (համանախագահուհի), Միթհատ Սինճար (համանախագահ):

Երեկոյեան, բոլոր հիւր պատուիրակները՝ աւելի քան 125 հոգի, հրաւիրուած էին ընթրիքի, ուր նորընտիր համանախագահներու խօսքէն ետք, ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեան ելոյթ ունենալով ըսաւ. «Ես Փարամազի կուսակիցն եմ, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ներկայացնեմ, եւ եկած եմ Լիբանանէն, կողքս նստող միւս հայ ներկայացուցիչը եկած է ԱՄՆ-էն: Իսկ մեր շուրջի եւրոպացի մասնակիցները չհասկցան, որ ինչպէս մենք այս տարածքներու հին եւ բնիկ ժողովուրդն ենք եւ եկած ենք հայկական կամ Հայաստան ներկայացնելու: Անոնք չէին գիտեր, որ այն տարածքը, որ քիչ առաջ Քիւրտիստան անուանեցիք, Արեւմտեան Հայաստանն է, որու վրայ մենք այլեւս չկանք, քանի որ ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք, այդ
հողերը բոլորիդ կը պատկանի, մեր ընդհանուր հայրե նիքն է: Ձեզմէ կ՛ակնկալենք, որ մեր իրաւունքն ալ պաշտպանէք: Դուք այստեղ ներսը մեր ձայնը եղէք, մենք արդէն դուրսը Ձեր ձայնն ենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment