Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Նախկին Վարչապետները Անձնական Երաշխաւորութիւն Պիտի Ներկայացնեն Ռոպերթ Քոչարեանի Համար

ՀՀ Նախկին Վարչապետները Անձնական Երաշխաւորութիւն Պիտի Ներկայացնեն Ռոպերթ Քոչարեանի Համար

by MassisPost

Հայաստանի նախկին վարչապետներ Վազգէն Մանուկեանը, Խոսրով Յարութիւնեանը, Կարէն Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի նախկին վարչապետ Անուշաւան Դանիէլեանը կը պատրաստուին երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքն իրենց անձնական երաշխաւորութեամբ փոխարինելու առաջարկ ներկայացնել դատարանին։ Այս մասին կը յայտնէ Քոչարեանի փաստաբանական խումբը:

«Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանական խումբը ներկայումս պատրաստում է անհրաժեշտ փաստաթղթերը, որպէսզի առաջիկայ դատական նիստերից մէկի ընթացքում ներկայացնի համապատասխան միջնորդութիւնը», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Նախորդ տարուան Մայիսին դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը՝ Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի անձնական երաշխավորութեամբ ազատ արձակած էր Ռոպերթ Քոչարեանը։ Յունիս 25-ին Վերաքննիչ դատարանի դատաւոր Արմէն Դանիէլեանը բեկանած էր այդ որոշումը եւ կալանքի տակ վերադարձուցած Ռոպերթ Քոչարեանը։

Նշենք, որ Հայաստանի երկրորդ նախագահ, սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր նախկին երեք ենթականերու գործով հերթական նիստը նշանակուած է այսօր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment