Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան. «Օսման Քաւալայի Ազատման ու Ձերբակալման Որոշումները Նախագահ Էրտողանինն են»

Կարօ Փայլան. «Օսման Քաւալայի Ազատման ու Ձերբակալման Որոշումները Նախագահ Էրտողանինն են»

by MassisPost

Աւելի քան երկու տարի անազատութեան մէջ գտնուող յայտնի թուրք գործարար, հասարակական գործիչ Օսման Քաւալան թրքական դատարանի կողմէ արդարացուելէ վեց ժամ անց կրկին ձերբակալուեցաւ:

Նախ դատարանն արդարացուց Քաւալան եւ անոր հետ նոյն դատական գործով անցնող 15 մեղադրեալները, որոնցմէ 7-ը արտերկիր կը գտնուին: Անոնց շարքին էր նաեւ Գերմանիա ապաստանած թրքական «Ճումհուրիյէթ» պարբերականի նախկին գլխաւոր խմբագիր, յայտնի լրագրող Ճան Տիւնտարը:

«Դատարանի դահլիճը ցնցուեցաւ ծափահարութիւններէն, երբ հրապարակուեցաւ դատավճիռը, ներկաներէն ոմանք չէին կրնար զսպել արցունքները», – գրած են թրքական պարբերականները: «Ի հարկէ, այսօրուայ որոշումն արդարացի էր, բայց սա ամօթալի գործընթաց էր: Մենք տեսանք, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգը վերածուած է թիւրիմացութեան, դաժան թատրոնի», – Reuters լրատուական գործակալութեանն ըսած էր Human Rights Watch-ի Թուրքիոյ գրասենեակի տնօրէնը:

Ուրախութիւնը, սակայն, երկար չէ տեւած: Կալանաւայրի դիմաց Քաւալան սպասող հարազատներն ու ընկերները մեծ հիասթափութիւն ապրեցին, երբ արդարացման որոշումէն ժամեր անց յայտնի դարձաւ, որ հանրապետական դատախազութիւնը Քաւալան կրկին ձերբակալելու վճիռ կայացուցած է, այս անգամ՝ 2016 թուականի Յուլիս 15-ի ռազմական յեղաշրջման փորձի գործի շրջածիրէն ներս:

«Հինգ ժամ է կը սպասենք, թէ երբ է դուրս պիտի գայ Օսման Քաւալան: Այս հինգ ժամուան ընթացքին շարք մը պետական կառոյցներու միջեւ պայքար գացած է, եւ նոր շինծու մեղադրանք առաջադրուած է: Վստահ եմ, որ Քաւալայի ազատման ու ձերբակալման որոշումները նախագահ Էրտողանինն են», – Reuters-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը:

Թրքական քաղաքացիական հասարակութեան կարկառուն ներկայացուցիչներէն Օսման Քաւալան առաջին անգամ ձերբակալուած էր 2017 թուականի Հոկտեմբերին՝ 2013-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Կեզի այգիի դէպքերու գործով, եւ կը մեղադրուէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը տապալելու փորձի մէջ: Դատարանը անոր համար ցմահ ազատազրկում պահանջած էր: Amnesty International-ը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ բազմիցս կոչ ըրած էին ազատ արձակելու Քաւալան՝ անոր կալանաւորումը համարելով անօրինական:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment