Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի ղեկավար Տաթեւիկ Ռեւազեանը խորհրդարանէն ներս յայտնած է, որ աշխատանքներ կը տարուին Երեւանէն Լոս Անճելըս թռիչքներու կազմակերպման ուղղութեամբ: Պատասխանելով ուղիղ թռիչք բանալու հնարաւորութեան մասին ԱԺ փոխխօսնակ Ալեն Սիմոնեանի հարցին՝ Ռեւազեանը նշած է, որ ուղեւորահոսքը բաւարար չէ ուղիղ թռիչք կազմակերպելու համար, որովհետեւ օդանաւային ընկերութեան ձեռնտու չըլլար շաբաթական մէկ թռիչք կատարել, այլ անհրաժեշտ է նուազագոյնը 2-3 թռիչք: Այս հարցով Հայաստանը կը բանակցի Վրաստանի հետ թռիչքը համատեղ կազմակերպելու համար, սակայն խնդիրն այն է, որ Վրաստանի մէջ կ’ուզեն թռիչք բանալ դէպի Նիւ Եորք, իսկ Հայաստանի մէջ ՝ Լոս Անճելըս: