Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ 2 Ժամկէտային Զինծառայողներ Զոհուած Են

Արցախի Մէջ 2 Ժամկէտային Զինծառայողներ Զոհուած Են

by MassisPost

Արցախի մէջ երկու զինուոր նահատակուած է: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախ յայտնած է մէկ զինծառայողի զոհուելու մասին, ապա տրամադրած է նաեւ երկրորդ մահացած զինծառայողին տուեալները:

«Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ Փետրուար 12-ին` մօտ ժամը 11:30-ին, դեռեւս չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու հրազէնային վէրք ստացած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Տիգրան Մանուէլի Մանուէլեանը:

Երկրորդ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի․ «Փետրուար 12-ին` մօտ ժամը 13:00-ին, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռեւս չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու հրազէնային վէրք ստացած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Տիգրան Յուսիկի Մխոյեանը»։

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Դէպքերուն առնչութեամբ կը կատարուի քննութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment