Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Պօղոս Պօղոսեանի Սպանութեան Գործին Առնչուող Դատախազութեան Դիմումը Վարոյթ Ընդունուած Է

Պօղոս Պօղոսեանի Սպանութեան Գործին Առնչուող Դատախազութեան Դիմումը Վարոյթ Ընդունուած Է

by MassisPost

Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան գործով գլխաւոր դատախազի տեղակալի բողոքի հիման վրայ յարուցուած է վերանայման վարոյթ՝ նոր երեւան եկած հանգամանքներով: Այս մասին «Ազատութեան» փոխանցած են Հայաստանի դատական բաժանմունքէն:

Դիմումը մակագրուած է Վերաքննիչի դատաւոր Ռուբիկ Մխիթարեանին: Դատական նիստի օր նշանակուած է Փետրուար 27-ը:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 23-ին Վերաքննիչ քրէական դատարանը ստացած է 2001-ին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի թիկնապահի կողմէ սպանուած Պօղոս Պօղոսեանի գործով Գլխաւոր դատախազութեան բողոքը:

Գլխաւոր դատախազի տեղակալն աւելի վաղ բողոք ներկայացուցած էր Վերաքննիչ դատարան՝ դատավճիռը վերանայելու եւ ամբողջապէս բեկանելու համար։ Ըստ Գլխաւոր դատախազութեան՝ Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացի Սթիւըն Նիւթոնի, որ հարցաքննուած էր այդ գործով, ներկայացուցած յայտարարութեամբ պարզուած է, որ առերեւոյթ Պօղոս Պօղոսեանը կեանքէն ոչ թէ անզգուշութեամբ զրկուած է, այլ խումբ մը անձանց կողմէ խուլիկանական դրդումներով դիտաւորութեամբ սպանութեան հետեւանքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment