Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայաստանի Մէջ Պիտի Ցուցադրուի Տալիի Եւ Փիքասոյի Աւելի Քան 200 Աշխատանք

Հայաստանի Մէջ Պիտի Ցուցադրուի Տալիի Եւ Փիքասոյի Աւելի Քան 200 Աշխատանք

by MassisPost

Քսաներորդ դարու սպանացի մեծանուն նկարիչներ Սալուատոր Տալիի եւ Փապլօ Փիքասոյի բացառիկ ստեղծագործութիւնները Հայաստան պիտի բերէ «Art of the Nations» ֆոնտը:

Սիւրռէալիզմի (գերիրապաշտութեան) ականաւոր ներկայացուցիչներու ցուցահանդէսը պիտի բացուի Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ:

«Արմենբրես»-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ «Art of the Nations» ֆոնտի տնօրէն Եարոսլաւ Շատրինն ըսած է, որ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ պիտի ցուցադրեն Տալիի եւ Փիքասոյի քանդակները, սերամիքական եւ կրաֆիքական աշխատանքները:

«Արդէն պատկերասրահի հետ համաձայնագիր ունինք, եւ մօտակայ օրերս պաշտօնապէս պիտի յայտարարենք ցուցահանդէսի մանրամասները»,-շեշտած է Շատրինը:

Անոր խօսքով` ցուցահանդէսին ընդգրկուած է երկու մեծերու աւելի քան 200 աշխատանք: «Այն այցելուներու համար բաց պիտի ըլլայ մի քանի ամիս»,-շեշտած է ֆոնտի տնօրէնը:

Առիթով մը Շատրինն ըսած է, որ Տալին բարդ է, բարի, նուրբ ու լի կասկածներով: «Փիքասոյի կերպարն ինծի աւելի հարազատ է: Մեր տան մէջ անոր քանի մը աշխատանք կար: Կարծես տան մէջ եւս մէկ տղամարդ յայտնուած էր`ուժով լի, զօրաւոր: Ես չհանդուրժեցի եւ պատէն հանեցի այդ ստեղծագործութիւնները»,-խոստովանած է ֆոնտի տնօրէնը:

«Art of the Nations» ֆոնտի հաւաքածուն կը համարուի աշխարհի մէջ չորրորդն իր մեծութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment