Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնական Այցով Հայաստան Ժամանած Է Յորդանանի Թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդը

Պաշտօնական Այցով Հայաստան Ժամանած Է Յորդանանի Թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդը

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով Փետրուար 10-ին առաջին անգամ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան թագաւոր, Նորին Մեծութիւն Ապտալլահ Երկրորդ Իպն Ալ Հուսէյն Ալ Հաշիմին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են անոր եղբայրը՝ Նորին Արքայական Մեծութիւն արքայազն Ալի պին Ալ Յուսէյնը, թագաւորի կրօնական ու մշակութային հարցերով խորհրդական եւ անձնական պատուիրակ արքայազն Ղազի պին Մոհամմետը, Յորդանանի արտաքին գործերու եւ արտագաղթեալներու հարցերով նախարար Այման Սաֆատն, թագաւորի հաղորդակցութեան եւ համակարգման հարցերով խորհրդական Պիշեր Ալ Խասաւնեհը, արդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ մատակարարումներու նախարար Թարեք Համմուրին:

Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ բարձրաստիճան հիւրը դիմաւորուած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ:

Ապտալլահ Երկրորդ թագաւորը իսլամական աշխարհին մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող գործիչ է, Հաշիմեան թագաւորութեան ներկայացուցիչ, Մուհամմատ մարգարէի 41-րդ սերունդէն, գահ բարձրացած է 1999-ի Փետրուար 7-ին: Ապտալլահ Երկրորդը Երուսաղէմի քրիստոնէական եւ իսլամական սրբավայրերու խնամակալն է:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Յորդանանի թագաւորը հանդիպած էին 2019-ի Ապրիլին Հայաստանի նախագահին` Յորդանան աշխատանքային այցի ժամանակ, որու ընթացքին ալ Հայաստանի նախագահը հրաւիրած էր թագաւորը այցելելու Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment