Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ըստ Միջազգային Դիտորդներու, Ատրպէյճանի Մէջ Կայացած Ընտրութիւնները Չեն Համապատասխաներ Եւրոպական Ժողովրդավարութեան Չափանիշներուն

Ըստ Միջազգային Դիտորդներու, Ատրպէյճանի Մէջ Կայացած Ընտրութիւնները Չեն Համապատասխաներ Եւրոպական Ժողովրդավարութեան Չափանիշներուն

by MassisPost

Լցոնումներու, բազմակի քուէարկութիւններու, անկախ դիտորդներու նկատմամբ ճնշումներու ուղեկցութեամբ Կիրակի օր Ատրպէյճանի մէջ կայացած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները աւարտած են իշխող ընտանիքի հերթական յաղթանակով:

Նախնական արդիւնքներու համաձայն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի գլխաւորած «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութիւնը նոր գումարման Միլի մեճլիսին  (Խորհրդարանի) առնուազն 71 պատգամաւոր պիտի ունենայ: Այդ մասին յայտնած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը:

Բացառապէս մեծամասնական ընտրակարգով կայացած ընտրութիւններու ընթացքին շարք մը ընտրատարածքներու մէջ յաջողութեան հասած են նաեւ անկախ թեկնածուներ, որոնց մեծ մասը, սակայն, ոչ միայն սերտ կապեր ունի իշխող կուսակցութեան հետ, այլեւ բացայայտօրէն կ’աջակցէր «Ենի Ազերպայճանի» նախընտրական ծրագրին: Այս պահի դրութեամբ յայտնի է, որ պատգամաւորական մանտաթ պիտի ունենան երկու ընդդիմադիր գործիչներ՝ Էրքին Կատիրլին եւ Վուկար Պայրամովը:

Ընտրութիւններուն կը մասնակցէր 1314 թեկնածու երկու տասնեակ քաղաքական ուժերէ:

17 տարի առաջ հօրմէն իշխանութիւնը ժառանգած նախագահ Իլհամ Ալիեւը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ նախաձեռնած է նախատեսուած հերթական ընտրութիւններէն ինը ամիս առաջ՝ այդ որոշումը պայմանաւորելով երկրի մէջ ընթացող լայնածաւալ տնտեսական բարեփոխումներով:

Պաշտօնական Պաքուն անցած շաբաթներուն կը հաւաստիացնէր, որ ընտրութիւնները պիտի ըլլան թափանցիկ եւ ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան:

Ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը, սակայն, կը պնդէ, թէ ընտրութիւնները համատարած կեղծուած են: Այս ընտրութիւնները հիմնական պոյքոթած ընդդիմադիր ուժերը կոչ ըրած են իրենց աջակիցներուն Փետրուար 16-ին դուրս գալ փողոց` ընդդէմ քուէարկութեան կեղծուած արդիւնքներուն:

«29 ընտրատեղամասերու մէջ եղած են ոստիկանական գրոհներ, որուն ականատես եղած են ԵԱՀԿ-ի, ԱՄՆ-ի դեսպանատան եւ այլ երկիրներու ու միջազգային կազմակերպութիւններու դիտորդները», – յայտարարած է նորաստեղծ «Ումիտ» ընդդիմադիր ուժի առաջնորդ Իկպալ Աղազատէն:

ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը (ԺՀՄԻԳ), ինչպէս յայտարարած է դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Արթուր Գերասիմովը, նոյնպէս արձանագրած է, որ ընտրութիւնները կայացած են խախտումներով, ոչ թափանցիկ եւ ոչ ժողովրդավար:

«Ընտրութիւնները չեն համապատասխանած եւրոպական ժողովրդավարութեան չափանիշներուն եւ անոնք կարելի չէ համարել բնակչութեան ազատ կամարտայայտութիւն», – յայտարարած են ԵԱՀԿ/ ԺՀՄԻԳ-ի, ԵԽԽՎ-ի եւ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդական առաքելութիւններու ղեկավարները:

Աննախադէպ էին յատկապէս անկախ դիտորդներու նկատմամբ ճնշումները: Բռնութեան ենթարկուած անկախ դիտորդներէն մէկը՝ Ժալիա Պայրամովան պատմած է, որ Լենքորանի ընտրատեղամասերէմ մէկուն մէջ անծանօթ կինը յարձակած է իր վրայ, մազերէն քաշած եւ ճանկռոտած դէմքը՝ փորձելով կանխել քուէարկութեան ընթացքի նկարահանումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment