Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոչարեանի Չափազանց Մեծ Յաւակնութիւնները

Քոչարեանի Չափազանց Մեծ Յաւակնութիւնները

by MassisPost

Տասը տարի Հայաստանի նախագահի աթոռը գրաւած եւ այժմ ամբաստանեալի կարգավիճակով բանտարկուած Ռոբերդ Քոչարեան, իր անուան հետ կապուող լրատուամիջոցներէն մէկուն տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Պատմութիւնը գիտի բանտերից յաջող քաղաքական պայքարի շատ ոգեշնչող օրինակներ: Հաւանաբար ինձ վիճակուած է շատ կարեւոր դեր խաղալ երկիրը, մեր ազգային ինքնութիւնը քայքայող արատաւոր իշխանութիւնից ազատելու գործում»:

Այս յայտարարութեամբ Քոչարեան կու գայ անգամ մը եւս փաստելու որ, կը մնայ իրականութենէն ամբողջովին կտրուած անձնաւորութիւն մը: Բանտէն պայքար մղող ու արդարութեան հասնող քաղաքական գործիչներու շատ օրինակներ կան, սակայն մեծ տարբերութեամբ Քոչարեանի եւ անոնց միջեւ, որոնք կարողացած են ոգեշնչել միլիոնաւորներու ու տանիլ իրենց ետեւէն: Նման գործիչներու շարքին գլխաւորն է Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Նելսոն Մանտելան, որ 27 տարի բանտէն պայքարեցաւ եւրոպացի գաղութարարներու դէմ, որոնք ստանձնած էին երկրի ղեկը՝ ճնշելով սեւամորթ մեծամասնութեան: Մանտելա յաղթանակով աւարտեց իր պայքարը ու ապա ընտրուեցաւ երկրի ղեկավար: Ան արժանացաւ նաեւ Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակին: Այս առթիւ կ՛արժէ յիշեցնել որ, 1992-ին Մանտելա մերժեց «Աթաթուրքի» անուան խաղաղութեան մրցանակը, Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն պատճառաւ:

Միանմարի այժմու նախագահ Ունկ Սան Սու Քի 15 տարի գտնուելով հանդերձ տնային կալանքի տակ, ստիպեց զինուորական խունթային հեռանալ իշխանութենէն: Տիկին Սու Քի եւս արժանացած է Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին: Ասոնց շարքին են նաեւ Մահաթմա Կանտին եւ Ճաուհարլալ Նէհրուն, որոնք Հնդկաստանի անկախութեան համար բանտէն պայքարեցան Անգլիացիներու դէմ:

Եթէ Քոչարեան ի մտի ունի այս համաշխարհային դէմքերու օրինակը եւ կ՛ուզէ ինքզինք նմանցնել անոնց, շատ կը սխալի, քանի որ համեմատութեան եզրեր չկան իր եւ այդ կարկառուն ղեկավարներուն միջեւ: Անոնք բռնապետական ռեժիմ չեն հաստատած, իրենց երկրի հարստութիւնը չեն իւրացուցած, ընտրութիւններ չեն կեղծած, խաղաղ ցուցարարներու վրայ կրակ չեն բացած, ընդհակառակը իրենց անձը զոհաբերելով արժանացած են ժողովուրդներու հիացմունքին եւ պաշտամունքին:

Միւս կողմէ, բազմաթիւ են օրինակները այն նախկին նախագահներուն, որոնք ներկայիս կը գտնուին բանտերու մէջ՝ կաշառակերութեան եւ կամ ժողովուրդի դէմ բռնութիւններու մեղադրանքներով: Քոչարեան կը դասուի այս վերջիններու շարքին եւ աւելի լաւ է որ, իշխանութեան վերադառնալու եւ կամ «երկիրը արատաւոր իշխանութիւնից ազատելու» յաւակնութիւններ չունենայ, քանի որ իր դէմ առաջին հերթին կանգնած է ոչ թէ իշխանութիւնը, այլ Հայաստանի ժողովուրդը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment