Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանը Գերմանիոյ Մէջ Պիտի Հանդիպի Անկելա Մերքէլի Հետ

Նիկոլ Փաշինեանը Գերմանիոյ Մէջ Պիտի Հանդիպի Անկելա Մերքէլի Հետ

by MassisPost

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը Փետրուար 13-ին Պերլինի մէջ պիտի ընդունի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, այս մասին ըսուած է գերմանական կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ պաշտօնական Պերլինի, հանդիպման ընթացքին Գերմանիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններու ղեկավարները պիտի քննարկեն երկկողմ յարաբերութիւնները, տնտեսական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

Անկելա Մերքէլը 2018 թուականի Օգոստոսին պատմական այց կատարած էր Հայաստան՝ դառնալով Հայաստան այցելած Գերմանիոյ առաջին վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment